ԿՈՏԱՅՔ, «Ազատութիւն».- Կոտայքի մարզի Լուսակերտ բնակավայրին մօտ, Սեպտեմբեր 12ին սկսած է ՆԱԹՕի կողմէ իրականացուող «Արմէնիա-2010» փորձը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Սեպտեմեբեր 17, եւ որուն կը մասնակցին 28 երկիրներու եւ 5 միջազգային կազմակերպութիւններու 333 ներկայացուցիչներ:
ՆԱԹՕի սոյն փորձը կազմակերպած է Եւրաթլանթեան աղէտներու արձագանգի համակարգման կեդրոնը, իսկ Հայաստանի կողմէ՝ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը:
«Սա շատ կարեւոր զօրավարժանքներ են, որովհետեւ առաջին անգամ են անցկացւում Հայաստանի հանրապետութեան տարածքում», լրագրողներուն յայտնած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը՝ շարունակելով. «Ես գտնում եմ, որ մենք սովորելու բան ունենք: Ճիշդ է, իրենք էլ որոշակի բաներ մեզանից սովորելու ունեն: Բայց ուսումնավարժանքները ես շատ եմ կարեւորում, որովհետեւ աղէտների ռիսքերի նուազեցումը մեր երկիրը մէկ քայլ եւս տանում է առաջ»:
Համաձայն փորձերու թատերական ուրուագիծին (scenario), Սեպտեմբեր 11ի առաւօտեան, Աբովեան քաղաքէն 8 քլմ. դէպի հիւսիս-արեւելք տեղի ունեցած է երկրաշարժ մը, որուն կեդրոնին վրայ հզօրութիւնը կազմած է 9-10 կէտ: Կան մեծ թիւով տուժածներ, փլուզուած են բազմաթիւ շինութիւններ եւ հազարաւոր մարդիկ մնացած են անօթեւան։ Արկածներ յառաջացած են կապի, կազի եւ ուժանիւթի մատակարարման համակարգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ուղիներուն մէջ: Նաեւ յառաջացած են բազմաթիւ հրդեհներ:
Հայաստան իր ամբողջ կարողութիւնները կեդրոնացուցած է աղէտի այդ գօտիին վրայ, սակայն անոնք բաւարար չեն՝ հետեւանքները լուծելու համար, որուն պատճառով ալ, Երեւանը դիմած է միջազգային հանրութեան օգնութեան: Իբրեւ արդիւնք, վերոնշեալ 28 երկիրները Հայաստան ուղարկած են փրկարար ջոկատներ:
«Հայաստանի հանրապետութեան տարածքում համարեա բոլոր աղէտները կան՝ բացի ցունամիներից: Մենք պէտք է պատրաստ լինենք բոլոր աղէտներին դիմագրաւելու: Դա մենք պէտք է անենք բոլոր նախարարութիւններով, գերատեսչութիւններով, միջազգային կազմակերպութիւններով, հասարակական կազմակերպութիւններով, բոլորս միասին պէտք է անենք», նշած է նախարար Երիցեան:
Նշենք, որ վարժութիւնները պիտի իրականացուին 11 վայրերու մէջ, ուր կան փլուզումներ եւ արկածներ, ինչպէս՝ «Զուարթնոց» օդակայանին, քիմիական գործարանի, ջուրի զտման գործարանի, Արզնիի դաշտային հիւանդանոցին եւ այլ վայրերու մէջ:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բանբեր Նիքոլա Գրիգորեան Սեպտեմբեր 13ին նշած է, թէ բոլոր խումբերը արդէն աւարտած են նախապատրաստական աշխատանքները. ձեւաւորուած են փրկարարական աշխատանքները համակարգող մարմիններ, ինչպէս նաեւ հանրային իրազեկման խումբ, որոնք տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրեն թէ՛ փրկարարական աշխատանքներ կատարողներուն, թէ՛ բնակչութեան, եւ թէ լրատուամիջոցներուն:
Գրիգորեան աւելցուցած է. «Յայտարարուելու է, որ երկրաշարժը տեղի է ունեցել: Տեղամասերից իւրաքանչիւրում կան փրկարարական խմբեր, վարակազերծման խմբեր, տարհանման խմբեր, որոնք պիտի գործեն եւ իրականացնեն պրակտիկ աշխատանքները»:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի հովանիին տակ իրականացուող միջազգային այս փորձին հրաժարած էր մասնակցելէ Ատրպէյճանը, թէեւ, ըստ Արմէն Երիցեանի, հրաւէր ուղարկուած էր ատրպեճանական կողմին: Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ փորձին կը մասնակցի Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը:
Յիշեցնենք, որ «Արմէնիա-2010»ի բացումէն քանի մը շաբաթ առաջ, թրքական մամուլը գրած էր, թէ փորձի ընթացքին հայ-թրքական սահմանը, հաւանաբար, ժամանակաւորապէս պիտի բացուի, որպէսզի թրքական փրկարարական ջոկատը եւ պատուիրակութեան միւս անդամները Հայաստան մուտք գործեն հայ-թրքական սահմանով: Սակայն, ինչպէս յայտնի է, սահմանը զբացուեցաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.