
ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութիւնը կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ կրկնապատկեն Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործները բացայայտելու եւ զանոնք պատժելու ջանքերը՝ Տինքի սպանութեան մէջ Անգարան յանցաւոր գտած Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի վճիռին լոյսին տակ:
Կազմակերպութեան Թուրքիոյ հարցերու ուսումնասիրող Էմմա Սինքլեր Ուեպ յայտնեց, թէ եւրոպական ատեանին վճիռը պէտք չէ վերջակէտ մը նկատուի Տինքի սպանութեան ծալքեր բացայայտելու գործընթացին մէջ: «Թուրքիա հիմա պարտականութիւն ունի հետախուզութիւնը ընդարձակելու», ըսաւ ան՝ քննադատելով այն իրողութիւնը, որ երկրին իշխանութիւնները հետախուզութիւնը ազատօրէն շարունակելու առիթ չեն ընծայեր:
Տինքը սպաննելուն համար ամբաստանուած թուրք ազգայնամոլին ու 19 ուրիշներու դատավարութիւնը կը շարունակուի աւելի քան երեք տարիէ ի վեր, եւ Տինքի ընտանիքին փաստաբանները յաճախ կը յայտարարեն, թէ դատական իշխանութիւնները լրջութեամբ չեն մօտենար պատասխանատուները բացայայտելու աշխատանքին ու դիտումնաւոր կերպով կը ձգձգեն դատավարութիւնը: