ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մեր դատը վաղուց է հայերիս համար սոսկալի մի վէրքի նշանակութիւն ստացել։ Շնորհիւ թուրք կառավարութեան կատարեալ կուրութեան՝ նա նոյն վէրքի նշանակութիւնն է ստացել Թուրքիայի համար եւս։ Թէ՛ մենք եւ թէ Թուրքիան ընտրել ենք այդ վէրքի դէմ ՎԻՐԱԲՈՒԺԱԿԱՆ միջոց. մենք դիմել ենք՝ յեղափոխութեան, Թուրքիան՝ մեզ կոտորելու միջոցին։ Մեզ մնում է, ուրեմն, երկուսից մէկը – կա՛մ սեփական ձեռքերով թաղել մեր դատը, կամ թէ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ մեր կռիւը ԱՅՆՔԱ՛Ն, որ նա՝ թուրքերի դէմ մինչեւ այժմ ուղղուած դժգոհութիւնների, պաշտօնական բողոքների եւ թղթի սպառնալիքների շրջանը անցնելով, վերջապէս, մի ՎԷՐՔ ԴԱՌՆԱՅ նաեւ այն ազգութիւնների ու պետութիւնների համար, որոնք կապ ունեն Թուրքիայի ու մեր հարցի հետ։ Այն օրը, երբ նրանք եւս կը համոզուեն, որ այդ վէրքի դէմ պէտք է դիմել ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ, մեր դատը ապահովուած կը լինի. այդ օրը կը լինի եւ մեր աջողութեան օրը։
Քրիստափոր
(1899)
Բնականաբար, Հայաստանի վերանկախացման 19րդ տարեդարձը միայն տօնախմբութեանց առիթ մը չեղաւ։
Անշուշտ ստեղծեց ազգային մեր ինքնավստահութիւնն ու հպարտութիւնը վերաթարմացնելու տօնական մթնոլորտ։ Քաղաքամայր Երեւանէն մինչեւ հայաշխարհի սփիւռքեան ափերը, մեր ժողովուրդը ցնծութեամբ տօնեց իր ազատութեան եւ հայրենիքի անկախութեան տարեդարձը։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ ի հեճուկս խորհրդայնացման 70ամեայ ճիգերուն, «փոքր ածու» Հայաստանն ու հայութիւնը ոչ միայն կրցան պահպանել Հայաստանի անկախութիւնն ու Հանրապետութիւնը վերականգնելու երազը, այլեւ՝ նոր ժամանակներու ոգիով, 21 Սեպտեմբեր 1991ին հանրաքուէ կատարելով, իրաւականօրէն նուիրագործեցին ազատ ու անկախ ապրելու իրենց իրաւունքն ու ընտրանքը։
Միաժամանակ, Անկախութեան Հանրաքուէին 19ամեակը առիթը ընծայեց հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն, այլեւ Ազգի ու Հայրենիքի ներկայով ու գալիքով տագնապող բոլոր հայերուն, որպէսզի հաշուեկշիռը կատարեն կտրուած ճամբուն՝ արձանագրուած ե՛ւ իրագործումները, ե՛ւ թերացումները ընդհանուր արժեւորման ենթարկելով, բայց մանաւանդ 1991ի առաջադրանքներուն եւ այսօրուան իրական արդիւնքին միջեւ բաղդատական քննարկում կատարելով եւ վաղուան հաշւոյն առաջնահերթութիւններ ճշդելով։
Եւ որովհետեւ 21 Սեպտեմբեր 1991ին իրապէ՛ս միասնական կեցուածք ունեցաւ մեր ժողովուրդը՝ աւելի քան 99 տոկոսով «Այո՛» քուէարկելով Հայաստանի անկախացման, աւելի քան բնական ու հասկնալի էր, որ անկախութեան 19ամեայ երթին հաշուեկշիռն ու քննական արժեւորումը կատարուեցան Հանրաքուէի տիրոջ զգացումով եւ համազգային պատասխանատուութեան ոգիով։
Հաշուետուութեան մօտեցում դրսեւորեցին ե՛ւ ընդդիմադիրները, ե՛ւ իշխանաւորները։ Ոչ ոք փորձեց միայն իր մրցակիցին կամ ընդդիմախօսին վրայ բեռցնել պատասխանատուութիւնը 19ամեակի ընթացքին գործուած սխալներուն։ Ոչ ալ աժան ու ամբոխավարական փորձ կատարուեցաւ իւրացնելու անկախացման քայլին ու երթին դափնիները… անշուշտ որոշ պարագաներու սեփական ներդրումը գերագնահատելու նկրտումներ ցուցաբերելով հանդերձ։
Կարեւորը այն է, որ հաշուետուութեան իմաստով բաղդատական ու քննական արժեւորման ոգին ընդհանրապէս զգալի եղաւ, ինչ որ ինքնին մեծագոյն ու կարեւորագոյն նուաճումը կը հանդիսանայ 19ամեայ Անկախութեան։
Արդէն ազգովին կ՛անդրադառնանք մեր գործած սխալներուն եւ թոյլատրած շեղումներուն, որոնց համար պատասխանատու կամ պատճառ չենք նկատեր այլեւս անկախ պետականութեամբ ապրելու մեր որոշումն ու ընտրանքը։ Նահանջած ու գրեթէ չքացած են 1991ին հետեւած՝ առաջին տարիներուն հայ մարդոց վարակած խորհրդային ժամանակներու պաշտամունքն ու կարօտախտը։ Թէեւ արհամարհելի չէ թիւը անոնց, որոնք այսօր հարցականի տակ կը դնեն Հայաստանի անկախութեան հետ իրենց ստացած ազատ կեանքի որակը, բայց անոնց դառնութիւնն ու դժգոհութիւնը չեն ուղղուիր նոյնինքն անկախութեան դէմ, այլ թիրախ ունին անկախութիւնը արատաւորող քաղաքական, տնտեսական կամ հասարակական չարաշահումները, անարդարութիւնն ու իրաւախախտումները, ստուերային իշխանապետութեան բռնակարգն ու յանցագործ առանձնաշնորհումները։
Պատահական չէ, նաեւ, որ Անկախութեան 19ամեակին ամէնէն աւելի հնչեղ եղան Պետական Մեր Տունը կարգի բերելու կոչերը։ Եւ ոչ միայն ներքնապէս՝ ներ–քաղաքական եւ քաղաքացիական յարաբերութիւններուն մէջ յաւելեալ ժողովրդավարութիւն, իրաւունքի եւ արդարութեան նկատմամբ գործնապէս յարգանք պարտադրելու առումներով։ Այլեւ համազգային տարողութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջ հայ ազգին պետական տունը դարձնելու եւ, իբրեւ այդպիսին, Հայ Դատի պայքարին իրաւատէր ու պահանջատէր կանգնելու առումներով։
19 տարուան անկախ պետականութեան փորձ ունինք այլեւս, որպէսզի հայ քաղաքական հորիզոնին նայինք սթափ հայեացքով եւ թօթափենք ազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման երկար ու դժուարին մեր երթը արգելակող նախապաշարումները։
Թէեւ երիտասարդ, բայց արդէն դաժան քննութենէ անցած պետականութիւն ենք եւ ժամանակն է, որ առաջին հերթին ձերբազատուինք միայն մեր սերունդի յիշողութեամբ առաջնորդուելու կարճատեսութենէն։ Եթէ 19 տարի առաջ կրնայինք անփորձութեամբ մենք մեզի թոյլատրել «Գնացքից թռչելու ժամանակ»ի ամբոխավարութիւնը կամ «Երրորդ Ուժի բացառման Օրէնք»ի պերճանքը, այսօր արդէն անկախ պետականութեան կեանքը ինք ամէն քայլափոխի կը սորվեցնէ, որ նոր աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ այնքան ալ հարթ չէ լիարժէք անկախութեան տիրանալու ուղին։ Եւ մենք ակամայ, երբեմն նաեւ հակառակ մեր կամքին, պետականօրէն կը պարտաւորուինք հետեւելու մեծապետական թէ տարածաշրջանային հզօր ուժերուն ճշդած խաղականոններուն…
Կը դիմագրաւենք մեծ մարտահրաւէր նաեւ, ինչպէս Պերճ Զէյթունցեան պիտի ըսէր, «Բարոյական Հայրենիք» կերտելու ճակատին վրայ։ 19 տարի առաջ անկախութեան ի նպաստ իր միահամուռ քուէն տուած մեր ժողովուրդը ոչ իսկ կրնար երեւակայել, որ ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ օր մը կրնար ինզինք խորթ եւ օտար զգալ… Իսկ խորթացման ամէնէն կարճ ճամբան ազգային արժէքներէն ու գաղափարախօսութենէն այլասերումն է, որուն ընդհանրապէս անձնատուր դարձանք մէկ օրէն միւսը հասարակափոխութիւն իրականացնելու երեխայական մեր խանդավառութեան մէջ։
Երկար եւ անհարթ ուղի ունինք մեր առջեւ, հասնելու համար լիարժէք անկախութեան նուաճումին եւ բարոյական հայրենիքի կերտումին։
Իսկ այդ ճամբան յաջողութեամբ կտրելու համար, ամէն բանէ առաջ պէտք ունինք ազգային մեր յիշողութեան լիարժէք վերականգնումին, որպէսզի վերջին 19ամեակի մեր երթը կարենանք արժեւորել եւ նորովի յառաջ մղել այն հունով, որուն ընտրանքը կատարեց մեր ժողովուրդը աւելի քան հարիւր տար առաջ, երբ բոլոր ուժերով անհաւասար կռուի մէջ մտաւ «առանց հայու Հայաստան» մը իրականցնելու ելած օսմանեան եւ ցարական կայսրութեանց դէմ։
Հայաստանի վերանկախացման տօնին առիթով, 19ամեայ հայոց անկախ պետականութեան կենսափորձէն մեկնելով, յատկապէս հայեւթուրք յարաբերութիւններու «բնականոնացման» ձախաւեր արձանագրութեանց լոյսին տակ, Քրիստափորի պատգամած «ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԻՒՆ»ը աւելի քան այժմէական կը հնչէ։
Մեր այսօրն ու վաղուան կեանքը խորապէս եւ ըստ ամենայնի կախեալ են 1880ականներուն ի գործ դրուած, բայց մինչեւ մեր օրերը դեռ աւարտին չհասած Արեւելեան Հարցի ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵՆԷՆ։
Թուրքիա իր ընտրած կոտորածներու միջոցը հասցուց մինչեւ ցեղասպանութեան ոճիրի պետական ծրագրում ու իրագործում, բայց չկրցաւ թաղել հայկական պահանջատիրութիւնը։
Հայ ժողովուրդը ծանրագոյն հարուածներու տակ ինկաւ ու կքեցաւ, բայց միշտ ալ իր մէջ գտաւ վերականգնումի ուժը, որպէսզի վերանորոգ թափով եւ նոր ժամանակներուն ու պայմաններուն համահունչ յառաջ մղէ միացեալ, ազատ ու անկախ իր հայրենիքն ու ազգային պետականութիւնը վերականգնելու պայքարը։
Դեռ չաւարտած այդ մեծ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ մարտահրաւէրներուն պատրաստ գտնուելու հունին մէջ է, որ հայ ժողովուրդը ի վիճակի պիտի ըլլայ գտնելու իր անկախութիւնը լիարժէք դարձնելու եւ բարոյական հայրենիք կերտելու պայքարին նոր զէնքերը։