
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարութեանց ղեկավարներու ամենամեայ հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հակահայ յայտարարութիւն մը հրապարակած է:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան խորհրդակցութեան մասնակիցները դատապարտեցին Ատրպէյճանի վրայ Հայաստանի յարձակումը եւ կոչ ըրին հակամարտութիւնը լուծել Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը յարգելու սկզբունքին հիման վրայ»։
Յայտարարութիւնը նաեւ կը խօսի Արցախի մէջ «ժողովրդագրական վիճակի բռնի փոփոխութեան, սեփականութեան իրաւունքի ոտնահարման, մշակութային ժառանգութեան ոչ պատշաճ պաշտպանութեան» մասին։
Նշենք, որ կազմակերպութեան անդամ են 57 իսլամ երկիրներ, եւ ան անդամ երկիրներու քանակով աշխարհի երկրորդ մեծագոյն կազմակերպութիւնն է։