
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհ. ժողովի 65րդ նստաշրջանին ծիրէն ներս, հանդիպած է ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:
ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի խնդրանքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին վերջին զարգացումները: Նոյն ենթաթեքսթին մէջ՝ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ ինք կը սատարէ շփման գիծէն դիպուկահարներուն («սնայփըր») ետ քաշուելուն, որ կրնայ զգալիօրէն նպաստել զինադադարի ամրապնդման:
ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի նշեալ կոչը բուռն վրդովմունք առաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ, ուր պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Էլտար Սապիրօղլու բոլորովին անտեսելով ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարի կոչը հայկական կողմի հասցէին հնչեցուցած է աւանդական մեղադրանքներ եւ դիպուկահարներու շփման գիծէն ետ քաշուելու նախաձեռնութիւնը հայկական կողմին պատրաստած «թակարդը» անուանած է:
Այս առիթով՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 27ին յայտարարած է, որ հայկական կողմը բազմիցս հանդէս եկած է դիպուկահարներու շփման գիծէն ետ քաշուելու նախաձեռնութեամբ՝ գտնելով, որ ատիկա իսկապէս կրնայ մեղմացնել շփման գիծին վրայ առկայ լարուածութիւնը եւ երկուստէք նուազեցնել կորուստները: Յիշեցնենք, որ նոյն առաջարկով հանդէս եկած են նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները: