ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Պաքուի իշխանութեանց միջամտութեան հետեւանքով, Ֆրանքֆուրթի մէջ կայացող գիրքերու միջազգային փառատօնին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անջատ կրպակ մը շնորհելու որոշումը վերատեսութեան ենթարկուած է, որովհետեւ կազմակերպիչները ընդունած են, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած անկախ պետութիւն մը չէ: Ատրպեճանական կողմը պնդած է, թէ անջատ կրպակ մը ստանալու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան դիմումը քաղաքական քարոզչութիւն կատարելու նպատակով առնուած քայլ մըն է: