ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, պատասխանատուներու եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան, Փիթըր Հրեշտակեան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5ի երեկոյեան խօսեցաւ հայերու ծագումին «Տի. Էն. Էյ.»ի աղբիւրներուն մասին։
Համալսարանի պատասխանատու դասախօսներէն դոկտ. Արտա Էքմեքճիի բացման խօսքէն ետք, Փիթըր Հրեշտակեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ հայերու ծագման հնագոյն աղբիւրներուն մասին։ Սակայն նախքան իր դասախօսութեան անցնիլը, Պելճիքա բնակութիւն հաստատած եւ այժմ Լիբանան գտնուող Փիթըր Հրեշտակեան իր ողջոյնի խօսքը ըսաւ ներկաներուն եւ շնորհաւորեց 86ամեայ իր հայրը՝ Արա Հրեշտակեանը, որուն տարեդարձը կը զուգադիպէր այս օրուան։ «Իմ պրպտումներս կը նուիրեմ հօրս», ըսաւ Փիթըր Հրեշտակեան՝ շեշտելով, որ «հայերս կը պատկանինք «Տի. Էն. Էյ.»ի հնագոյն խմբաւորումներուն, որոնք կը յատկանշուին իբրեւ վաղեմի, իւրայատուկ եւ պատշաճ։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին Փիթըր Հրեշտակեան պարզեց իր ձեռնարկին հիմնական տեղեկութիւնները, թէ՝ իր կեդրոնը կը գտնուի ամերիկեան Թեքսաս նահանգը, իրեն հետ կ՛աշխատակցին բազմաթիւ մասնագէտ պատմաբաններ, գիտնականներ, ինչպէս՝ Մարք Արսլան, Յովհան Սիմոնեան, Ալեն Յովնանեան (Ֆրանսայէն) եւ ուրիշներ։
50 հազար ամերիկեան տոլար մրցանակի արժանացած այս ձեռնարկի պրպտումներէն ցարդ ի յայտ կու գայ, թէ հայեր 90 առ հարիւր համեմատութեամբ կը պատկանին ծինային նոյն ցեղախումբին։ Հիմնականին մէջ «Տի. Էն. Էյ.»ի 13 տարբեր խմբաւորումներու մէջ դասաւորուող հայկական ծագման սկզբնաղբիւրները իրենց կարգին ունին ենթաբաժանումներ եւ ճիւղաւորումներ։
«Անպայմանօրէն բոլոր հայերը Հայկի խմբաւորումին կրնան չպատկանիլ», ըսաւ դասախօսը՝ նշելով, որ աշխարհացրիւ իւրաքանչիւր հայ կրնայ կազմել իր ընտանեկան շառաւիղի «ծառը» 150էն 500 տոլարի միջեւ տարուբերող գումարով։
Փիթըր Հրեշտակեան հայերու ծագման իբրեւ նախնական շրջան թուեց Կովկասը, Փոքր Ասիան, Կիլիկիան եւ Արցախ-Ղարաբաղ-Սիւնիքի շրջանը, որ մեծագոյն համեմատութիւնը՝ 40 առ հարիւր կը ներկայացնէ։ «Մենք մէկ ու միակ սկզբնաղբիւր չունինք», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ նորագոյն աղբիւրները ունին առնուազն 4 հազար տարուան կեանքի պատմութիւն։
«Տի. Էն. Էյ.»ի հայկական աղբիւրները իւրայատուկ են. «Որովհետեւ շրջանին մէջ միակ նախաձեռնող ժողովուրդն ենք մեր նախնական ծագման փնտռտուքին», ըսաւ Հրեշտակեան՝ նշելով, որ հայերը սկզբնապէս կը գործածէին առաւելաբար ուրարտական լեզուն։ Ըստ իր պրպտումներուն յանգած վարկածին, հնդեւրոպական լեզուն ծագում առած է մեր՝ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ եւ տարածուած դէպի Իրան ու Եւրոպա։ Սակայն ան տակաւին յաւելեալ փաստերու կը կարօտի լաւապէս հիմնաւորելու համար իր այս տեսակէտը։
Փիթըր Հրեշտակեան ընդգծեց, որ հակառակ արաբական, օսմանեան, մեմլուքներու թէ այլ ցեղախումբերու արշաւանքներուն, հայկական «Տի. Էն. Էյ.»ի ծագման խմբաւորումները մնացած են անաղարտ։
Ան նշեց, որ նոյն մարզի գիտաշխատողներէն Լեւոն Եպիսկոպոսեան այժմ լծուած է Արցախ-Սիւնիքի շրջանին մէջ քարայրներ պեղելու աշխատանքին՝ հնութիւններու յայտնաբերումով նորանոր փաստարկումներու յանգելու նպատակով։