ՏԻՒՄԵՆ, Ռուսիա.- Ըստ «islamnews»ի հաղորդած տեղեկութիւններուն, Ռուսիոյ Տիւմեն քաղաքին մէջ ատրպէյճանցի եւ հայ երիտասարդներու երկու խումբեր մեծ բախում մը ունեցած են: Իրադարձութիւնները սկիզբ առած են քանի մը օր առաջ, երբ 16րդ ուսումնարանի հայ ուսանող մը դասի ներկայացած է «Ղարաբաղը մերն է» գրութիւնը կրող շապիկով. այդ երեւոյթը զայրացուցած է ատրպէյճանցի ուսանողները, եւ անոնք որոշած են դուրս գալ դպրոցէն՝ յարաբերութիւնները պարզելու համար…
Կողմերէն մէկը հանդիպման ներկայացած է զէնքով, եւ վիճաբանութիւններուն հետեւանքով, վնասուած է տղոցմէ մէկուն ականջը: Յաջորդ հանդիպումը, որուն վիճաբանող կողմերը նոր ուժեր պիտի ներգրաւէին, չէ կայացած՝ իրաւապահ մարմիններու միջամտութեան շնորհիւ:
Ազգութիւններու հարցով մարզային կոմիտէն նիստի հրաւիրած է ատրպեճանական եւ հայկական համայնքներու առաջնորդները, եւ անոնցմէ պահանջած՝ կարգի բերել երիտասարդները: