ՆԱԶԱՐԷԹ ՔԻՐԱԶԵԱՆ
Մանուկներու, պատանիներու եւ պարմանուհիներու համար, 5-15 տարիները բնախօսական եւ հոգեբանական վերիվայրումներով հարուստ, շատ նուրբ եւ էական շրջան մըն է, իրենց նկարագիրին անաղարտ կերտման, անհատականութեան առողջ զարգացման եւ հայեցի ինքնութեան ճշգրիտ ձեւաւորման իմաստով: Արեւմտեան թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը, անոնց մէջ տեսնելով ապագայ հայ ընտանիքի հիմքերը կազմող հայրերն ու մայրերը՝ հոյլ մը կամաւոր նուիրեալներու հետ գործակցաբար լծուած է եզակի ու սրբազան աշխատանքի մը՝ Աւետարանի ճշմարտութիւններով շաղախուած եւ հոգեզմայլ շարականներով յագեցած կրօնաբարոյական առողջ դասաւանդութիւնը զուգորդելով հայերէն քաղցրահնչիւն լեզուի ուսուցման հետ՝ մեր նորահաս սերունդին ջամբել հայեցի տոհմիկ դաստիարակութիւն, աշխատելով միշտ անեղծ պահելու անոնց ազգային դիմագիծը, հաւատքն ու հայկական ոգին:
Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. կաթողիկոսի 1930, Յունիս 28 թուակիր սրբատառ կոնդակով ծնունդ առած Հայց. եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցները՝ հաւատարիմ իրենց վստահուած առաքելութեան, գօտեպնդուած իրենց 79 տարիներու փայլուն եւ արդիւնաշատ անցեալով, նախանձախնդիր իրենց ազգապահպան եւ եկեղեցաշէն առաքելութեան, այս տարի 80րդ անգամ ըլլալով բացին իրենց կրօնաբոյր եւ հայաբոյր դռները մեր սիրասուն ու անմեղ մանուկներուն առաջ՝ հայկազեան մեր ցեղի հոգեւոր անմահ գանձերուն արժանաւոր ժառանգորդներ եւ Հայց. Առաք. Ս. եկեղեցւոյ յաղթական երթին հաւատարիմ ջահակիրներ պատրաստելու սրբազան տեսլականով:
ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի մշտարթուն հսկողութեան եւ գուրգուրոտ հովանիին ներքոյ, Կիրակնօրեայ մեր վարժարանները անցնող տարեշրջաններուն աշակերտական թիւի աճ արձանագրեցին, կազմակերպեցին միջթեմական եւ ուսուցչաց կազմերու դաստիարակիչ բնոյթի հաւաքներ:
Ողջոյն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու փառապանծ 80 ամեակին: Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն Ազգ. առաջնորդարանի Կիրակնօրեայ դպրոցներու յարգարժան վարիչ մարմինին եւ այս սրբազան անդաստանին մէջ աշխատող եւ երկնող նուիրեալ բոլոր մշակներուն: Շնորհակալական անկեղծ խօսք՝ մեր մատղաշ սերունդի հոգեւոր դաստիարակութեան եւ հայեցի նկարագիրի կազմաւորման նուիրեալ Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներուն, ուսուցչական կազմերուն, որոնց կամաւոր եւ նուիրեալ ճիգերուն շնորհիւ, թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցները միշտ բաց պահեցին իրենց դռները եւ յաջողութիւններ արձանագրեցին: Երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերելքին սատարող մեր ազնիւ բոլոր նուիրատուներուն եւ բարերարներուն:
Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Սփիւռքի տարածքին վերընձիւղած հայութիւնը որբահաւաքէ եւ հայահաւաքէ անմիջապէս ետք, առաջնահերթութիւնը տուաւ եկեղեցի ու դպրոց կառուցելու սրբազան առաքելութեան: Այս ընթացքին էր, որ Կիլիկիոյ հայրապետներ անժամանցելի անհրաժեշտութիւն եւ սրբազան պարտականութիւն համարեցին Կիրակնօրեայ դպրոցներու կազմակերպ ցանց հաստատելը Սփիւռքի տարածքին, իբրեւ նոր տեսակի դպրանոցներ, ուր կրօնական հոգեւոր հայեցի դաստիարակութիւն ջամբուի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Այս առթիւ ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ թեմիս Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին եւ Ծնողական յանձնախումբին, ճաշկերոյթով եւ յատուկ յայտագիրով պիտի տօնախմբուի Կիրակնօրեայ դպրոցներու 80ամեակը, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30ի երեկոյեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահէն ներս:
Կը խնդրուի տոմսերու եւ մանրամասնութեանց համար, կապ հաստատել ծխական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու պատասխանատուներուն հետ:
Մեր ազգի անդաստանէն ներս, բարեյաջող երթ կը մաղթենք Կիրակնօրեայ դպրոցներու հոգեւոր առաքելութեան, որպէսզի հաստատ հաւատքով ու աննկուն կամքով մեր հոգեւոր դպրատուները ծաղկին ու բարգաւաճին, ու մենք արժանի ըլլանք տեսնելու եւ տօնախմբելու, հոգիներու դարբնոց այս դպրոցներու ծառայութեան պանծալի 100ամեակը, ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ ի պատիւ հայ ազգին: