Ինպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մերի Եովանովիչ կ՛այցելէ Ամերիկայի հայկական շարք մը համայնքներ: Այս ծիրէն ներս, դեսպանը Լոս Անճելըս պիտի ըլլայ ու համայնքի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ պիտի տեսնուի Հոկտեմբեր 11-14ին, Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց մասին խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով:
Եովանովիչ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ նաեւ երիտասարդական կազմակերպութեանց ու համայնքային այլ կազմակերպութիւններու հետ, իսկ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12ին կազմակերպուած է հանրային հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ UCLA «Freud» թատերասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7ին: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/usdos.armenia համացանցային կայքէջը, կամ դիմել DiasporaTour@state.gov հասցէին: