Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ուտեստեղէնի տարեկան «պազար»ը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (2226 Ventura Blvd. Fresno, CA 93721):
Հոն տրամադրելի պիտի ըլլան հայկական ճաշեր եւ անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ ճաշ եւ ընթրիք պիտի մատուցի: Ծրագրուած են եկեղեցւոյ մասին լուսաբանական շրջապտոյտներ, ու պիտի ցուցադրուի եկեղեցւոյ մասին տեսաժապաւէն մը:
Ճաշեր ապսպրելու համար, կարելի է դիմել Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (559) 486-1141 թիւով: Յաւելեալ տեղեկութեան համար, այցելել www.holytrinityfresno.org կայքը: