ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի հովանին վայելող մասնաճիւղերու Շաբաթօրեայ վարժարանները 2010-11 ուսումնական տարեշրջանի իրենց դռները բացին Սեպտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը:
Բոլորին նման, ՀՕՄի Լա Քրեսենթա հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանն ալ պաշտօնապէս իր դռները բացաւ Շաբաթ, 18 Սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 10ին:
Իսկապէս որ վերամուտի այս առաջին օրը, վարժարանէն ներս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուած էր: Դպրոցին մէջ, փոքր թէ մեծ, նախկին կամ նոր աշակերտներուն եռուզեռն ու ժպտուն դէմքերը ակներեւ էին:
Միւս կողմէ, աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցչական կազմ եւ ՀՕՄի վարչութեան անդամններ ու պատասխանատու ՀՕՄուհիներ փոխադարձ ծանօթացման գեղեցիկ ու հարազատ պահեր ստեղծած էին: Ապա, աւելի քան 30 աշակերտներ, շատեր իրենց ծնողներուն հետ, նախ հաւաքուեցան դպրոցի սրահին մէջ: Որոշուած պահուն, դասարանային կարգով բոլոր աշակերտները շարուելէ ետք, վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան բարի գալուստի խօսքեր ուղղեց բոլորին, ու յարատեւութեան, պարտաճանաչութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց անոնց:
Տնօրէնը կրկին անգամ ողջունելէ ետք բոլորին հայ վարժարան՝ իրենց երկրորդ տունը վերադարձը, պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ուսումնական նոր տարեշրջանը, որմէ ետք աշակերտները իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ անցան իրենց համար ճշդուած դասարանները՝ կարգապահութեամբ:
Ապա տնօրէնը, իր շուրջ հաւաքելով ներկայ ծնողները եւ խօսքը ուղղելով անոնց՝ շեշտեց, թէ վարժարանի յաջողութիւնը մեծապէս կախեալ է աշակերտ-ուսուցիչ-ծնողք-տնօրէնութիւն գործակցութեան ոգիէն եւ տարողութենէն: Ան կրկին անգամ մեծապէս գնահատեց ծնողներուն՝ հայ դպրոցի առաքելութեան հանդէպ ունեցած հաւատքն ու գիտակցութիւնը, ու երախտագիտական խօսքերով այտայայտուեցաւ իրենց զաւակները դէպի հայ վարժարան առաջնորդելու զոհողութեան մասին:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ
ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Վարժարանի աշակերտներուն փոխանցելու համար փողոցներու երթեւեկին, ինքնաշարժին մէջ կապուելու, կարմիր լոյսերը յարգելու եւ կամ մայթերը անցնելու մասին էական օրէնքներն ու տեղեկութիւնները՝ տնօրէնութիւնը ծրագրած էր հրաւիրել Կլենտէյլի հայ ոստիկաններէն ներկայացուցիչներ:
Այսպէս, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2ի կէսօրին, Կլենտէյլի ոստիկաններ՝ տասնապետ Յարութ Պօզիկեան, Վահագն Մարտիկեանն ու Էրըն Համըլթըն, նաեւ ոստիկանական շուն՝ Քուայի, վարժարան ներկայացան: Այս հանդիպման ընթացքին, հայ ոստիկանները երկլեզու, բազմաթիւ օրինակներով համեմելով իրենց խօսքերը՝ աշակերտներուն պարզեցին, բացատրեցին եւ տուին սպառիչ տեղեկութիւններ ու թելադրանքներ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է յարգել երեթեւեկութեան բոլոր օրէնքները, կամ պէտք է մերժել անծանօթներէ դրամ ու շաքար, եղծանիչ դեղեր ու ծխախոտներ ստանալու առաջարկները: Անոնք նաեւ խօսեցան տան կամ դպրոցին մէջ ծնողներն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ իրենց դասընկերները յարգելու եւ սիրելու անհրաժեշտութեան մասին:
Ոստիկանները շեշտեցին նաեւ, թէ պէտք է հեռու մնալ չար եւ հարցեր ստեղծող ընկերներէ, ինչպէս նաեւ «մաքուր» խօսակցական լեզու գործածել:
Գրեթէ բոլոր աշակերտները, իրենց անմեղ հարցումներով սրահէն ներս ստեղծեցին իսկական փոքր սեմինարի մը պատկերը: Ապա, ոստիկան Համըլթըն իր շան հետ եկաւ առաւել եւս խանդավառելու սրահին մթնոլորտը:
Աշակերտները լսելէ ետք ոստիկանական շան կատարած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները, առիթ ունեցան նաեւ անոր մօտենալու եւ շոյելու: Շան, իր տիրոջ զանազան հրահանգներուն հնազանդիլը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր աշակերտներուն, որոնք բացագանչութիւններով կը լեցնէին սրահը:
Ի տես այս գեղեցիկ ու շահեկան իրականութեան, իբրեւ նոր ծրագիր՝ տնօրէնը խոստացաւ ապահովել նաեւ ներկայութիւնը Կլենտէյլի հրշէջներու կայանէն հայ հրշէջի մը:
Անկասկած, որ այդ օրը, շուրջ ժամ մը վայելելէ ետք հայ ոստիկաններու եւ մանաւանդ Քուայի ներկայութիւնը, վարժարանի աշակերտները նոր յուշերով ու զանազան տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ ամբարելով արձակուեցան:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)