ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի Ազգային ժողովի տեղեկատուութեան վարչութեան տուեալներուն, Հայաստանի ԱԺ խմբակցութիւնները միացեալ նամակ յղած են միջազգային կառոյցներու ղեկավարներուն՝ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Եժի Պուզեկի, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի, ԵԱՀԿի ԽՎ նախագահ Պետրոս Էֆթիմիուի: Նամակին մէջ նշուած է.
«Հոկտեմբեր 5ին, գիշերուան ժամը 3ին, Ատրպէյճանի մէջ մահացած է Հայաստանի սահմանամերձ գօտիէն առեւանգուած քաղաքացիական անձ, հովիւ Մանուէլ Մամիկոն Սարիբէկեան: Յղում ընելով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ռազմական դատախազութեան համատեղ յայտարարութեան՝ այդ երկրի լրատուամիջոցները կը նշեն, թէ տեղի ունեցածը «ինքնասպանութիւն» է: Մինչ այդ, ատրպեճանական ԶԼՄներով տարածուած էր տեսահոլովակ մը, որուն մէջ պարզ կ՛երեւին Մ. Սարիբէկեանի վրայ առկայ խոշտանգումներուն հետքերը:
«Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի հանրապետութեան իշխանութիւնը՝ Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան կապակցութեամբ, եւ կը պահանջեն Ատրպէյճանէն՝ իր կողմէն վաւերացուած Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագրի 2րդ եւ 3րդ յօդուածի դրոյթներուն, Ժընեւեան համաձայնագիրներուն եւ ՄԱԿի 1984 Դեկտեմբեր 10ին ընդունուած «Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի ու պատիժի դէմ» համաձայնագրին համապատասխան պատասխանատուութեան ենթարկել Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան մեղսակից բոլոր պաշտօնատար անձանց:
«Միաժամանակ, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Միջազգային Կարմիր խաչի կոմիտէն կը հանդիսանայ Ժընեւեան համաձայնագրի եւ կից արձանագրութիւններու դրոյթներու պահպանութեան երաշխաւորը, Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւնները կը դատապարտեն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Երեւանի եւ Պաքուի գրասենեակներու անգործութիւնն ու կրաւորական կեցուածքը։
«Ատրպէյճանի կողմէ բարձրաձայնուող ինքնասպանութեան պաշտօնական վարկածը, մեր կողմէ կը գնահատուի որպէս պատասխանատուութենէ խուսափելու եւ անպատժելիութեան կիրառման փորձ, քանի որ քաղաքացիի մօտ նախքան մահը առկայ եղած են բռնութեան հետքեր: Ինքնասպանութեան վարկածի պարագային անգամ, կը ծագի քաղաքացիին ինքնասպանութեան հասցնելու վարկածը, որ պէտք է մանրամասն քննուի Ատրպէյճանի հանրապետութեան իրաւասու մարմիններուն կողմէ՝ անպայման գործընթացին մասնակից դարձնելով Հայաստանի հանրապետութեան եւ միջազգային փորձագէտները:
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող շարք մը միջազգային փաստաթուղթեր վաւերացուցած Ադրբեջանի հանրապետութիւնը պատասխանատու է իր երկրի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող իւրաքանչիւր անձի անվտանգութեան համար: Օտարերկրեայ քաղաքացիի կեանքին դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր ոտնձգութեան բացայայտման պէտք է մասնակից դարձուին այն երկրի ներկայացուցիչները, որուն հովանաւորութեան տակ կը գտնուի տուեալ անձը:
«Ուստի կը պահանջենք Հայասատանի հանրապետութեան հովանաւորութիւնը կրող Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան գործի քննութեան մէջ ներգրաւել ՀՀ Իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները:
Նաեւ կոչ կ՛ընենք ԵԽԽՎին, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին, ՄԱԿի եւ Եւրոպական Միութեան համապատասխան մարմիններուն՝ նպաստել, որ այս դէպքին կապակցութեամբ հետաքննութեան մէջ ներգրաւուեն Հայաստանի եւ միջազգային անկախ փորձագէտները:
ՀՀ Ազգային ժողովի խորհրդարանական խմբակցութիւններ՝
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ Գալուստ Սահակեան,
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն՝ Գագիկ Ծառուկեան,
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւն՝ Վահան Յովհաննիսեան,
Օրինաց Երկիր կուսակցութիւն՝ Հեղինէ Բիշարեան,
Ժառանգութիւն կուսակցութիւն՝ Ստեփան Սաֆարեան»: