ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Եան Քելլիի, ԱՄՆ անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին սրումով, եւ յոյսով է, որ Աստանայի մէջ ԵԱՀԿ վեհաժողովին ընթացքին կը գտնուի կարգաւորման այնպիսի ձեւաչափ մը, որ ընդունելի ըլլայ հակամարտութեան երկու կողմերուն համար:
«Մենք անհանգստացած ենք շփման գիծին վրայ միջադէպերու թիւին յաւելումով, որուն իբրեւ հետեւանք, մարդիկ կը զոհուին: Ատիկա շատ մտահոգիչ է», ըսած է դիւանագէտը՝ նշելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ողղութեամբ ԵԱՀԿը իր դերը կը կատարէ, իսկ միջազգային միջնորդները աշխուժօրէն կը զբաղին խնդիրի կարգաւորումով: Քելլի յոյս յայտնած է, որ Դեկտեմբեր 1-2ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ կայանալիք վեհաժողովին ընթացքին կարգաւորման նոր հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ: «Մենք կրնանք կողմերը հրաւիրել առնուազն պայմանաւորուելու «ճանապարհային քարտէս»ի մը շուր»ջ, ըսած է ԱՄՆ ներկայացուցիչը: