ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 7ին ընդունած է համագործակցութեան հայ-ֆրանսական համաժողովի մասնակիցները:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Ֆրանսայի քաղաքներու, բաժանմունքներու եւ շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ:
Սերժ Սարգսեան նշած է, որ պատուիրակութեան անդամներէն շատերը սերտ կապեր ունին Հայաստանի հետ եւ տարբեր պատուիրակութիւններու կազմերու հետ քանի մը անգամ այցելած են Հայաստան:
«Հայ-ֆրանսիական բարեկամութիւնը շատ խորը արմատներ ունի: Ես մշտապէս ասել եմ եւ հիմա էլ հաճոյքով կրկնում եմ, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դարեր ի վեր կապուած են եղել Ֆրանսիայի եւ ֆրանսիական մշակոյթի հետ: Այդ փոխկապակցուածութիւնն այնքան սերտ է, որ շատ դէպքերում նոյնիսկ դժուար է տարանջատել: Շարլ Ազնաւուրն ու Միշել Լեկրանը, Կարզուն ու Ժանսեմը, Անրի Վերնոյը, Անրի Թրուայեանը, Ալեն Թերզեանը, ի հարկէ, ֆրանսիական մշակոյթի յենասիւներից են, բայց, բնականաբար նաեւ՝ հայկական մշակոյթի անբաժանելի մասը: Ես շատ ուրախ եմ, որ հայ-ֆրանսիական միջպետական յարաբերութիւններն օրըստօրէ աւելի են ընդլայնւում եւ զարգանում», ըսած է Սարգսեան:
Ան տեղեկացուցած է, որ այսօր Հայաստանի մէջ կը գործեն ֆրանսական ներդրումով աւելի քան 120 ընկերութիւններ, որոնց վերջերս միացած է նաեւ «ֆրանս Թելեքոմ-օրանժ»ը:
«Այսօր կան երեսունից աւելի գործընկերային հաստատուած կապեր, որոնց արդիւնքում քոյր քաղաքներն ու շրջանները իրականացնում են տասնեակ ծրագրեր: Լաւ է, որ ապակենտրոնացուած համագործակցութեան համաժողովը տեղի է ունենում Երեւանում եւ ունի հարուստ օրակարգ: Վստահ եմ, որ համաժողովը նոր թափ է հաղորդելու մեր համագործակցութեանը», ընդգծած է Հայաստանի նախագահը:
«Այս տարի ամրանը Հայաստան այցելեցին ինչպէս Սենատի, այնպէս էլ Ազգային ժողովի «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի անդամները, իսկ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնն իր կազմում ընդգրկել էր նաեւ «Ֆրանսա-Թուրքիա» բարեկամութեան խմբի անդամներին: Նրանք միասին այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղ, որտեղ հանդիպեցին տեղի մարդկանց ու Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ, տեսան, թէ ինչպէ՞ս են այդ մարդիկ ապրում եւ, ընդհանրապէս, ի՞նչ է իրենից ներկայացնում Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը: Վստահ եմ, որ նրանք կարողացան օպյեկտիւ գնահատել իրավիճակը», ըսած է Սերժ Սարգսեան՝ նշելով, որ ինք տեղեակ է, թէ ապակեդրոնացուած համագործակցութիւն կայ նաեւ Ղարաբաղի հետ:
Անդրադառնալով նոյն հարցով Ատրպէյճանի հակազդեցութեան՝ Հայաստանի նախագահը յայտնած է, որ պարզ է նաեւ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառը. անոնք կ՛ուզեն, որ Ղարաբաղի մասին ոեւէ մէկը, ընդհանրապէս, որեւէ բան չիմանայ, չլսէ եւ չտեսնէ: Հակառակ պարագային, կը փլուզուի իրենց կողմէ ստեղծուած ամբողջ կեղծ պատմութիւնը: Նախագահին խօսքով, բոլոր անոնք, որոնք Լեռնային Ղարաբաղ կ՛այցելեն, կը տեսնեն ղարաբաղցիներուն յաջողութիւնները, կը տեսնեն, թէ ինչպիսի՛ ազատատենչ ժողովուրդ կ՛ապրի այնտեղ, ինչպիսի՛ քրիստոնէական մշակոյթ կրցած են ձեւաւորել հազարամեակներու ընթացքին, եւ կը տեսնեն մարդոց վստահութիւնը՝ վաղուան հանդէպ:
Սերժ Սարգսեան հանդիպման մասնակցողներուն նոյնպէս կոչ ըրած է այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ: