ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան Եւրոպայի եւ ՆԱԹՕի հարցերով պատասխանատու Ճիմ Թաունզընտ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով, Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը շատ յարմար է հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու որոշ տարրեր տեղադրելու համար, միջ-ցամաքային հրթիռային յարձակումներէն պաշտպանուելի նպատակով։
«Թուրքիան ՆԱԹՕի շատ ուժեղ եւ գործօն դաշնակից է, եւ շատ բնական է, որ մենք կ՛ուզենք Թուրքիոյ հետ աշխատիլ։ Այժմ պէտք է Անգարան որոշում տայ», յայտարարած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։