ՊՈՒԽԱՐԵՍՏ, Ռումանիա.- Պուխարեստի Ճարտարապետութեան 9րդ «Պիենալ»ին, որուն արդիւնքները յայտարարուեցան Հոկտեմբեր 12ին, Ներքին ճարտարապետութիւն, Բեմական ձեւաւորում եւ Առարկաներու ձեւաւորման դասակարգերուն մէջ առաջին մրցանակի արժանացաւ SKBD «սթիւտիօ»ն, որ իրականացուցած էր Թրանսիլվանիոյ Հայոց թանգարանի հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը (հեղինակներ՝ Աթիլլա Կիմ, Թիպերիու Պուկշա, Ատրիանա Տիակոնու, Էլենա Ստոյեան, Ռուքսանտրա Պերինտէ եւ Անա Պոտեզատու):
Թրանսիլվանիոյ Հայոց թանգարանը բացուել էր Ռումանիոյ Սիպիու նահանգի Տումպըրվեն քաղաքին մէջ, Յուլիս 15ին, մշակութային ինքնութեան վերականգնման եւ խթանման, ռումանաեւրոպական համագործակցութեան շրջանակներէն ներս:
Թանգարանի հիմնադրումը իրականացած է Նորվեկիոյ, Իսլանտայի եւ Լիխտընշթայնի կառավարութիւններուն կողմէ հիմնադրուած «Հայ համայնքի վերածնունդին ուղղուած գործողութիւններ» ծրագիրի շրջագիծէն ներս: Ծրագիրի նպատակն է՝ Տումպըրվենի նախկին հայ համայնքի մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնն ու ներկայացումը, ինչպէս նաեւ անոր միջոցով տեղական զբօսաշրջութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման խթանումը:
Թանգարանը տեղաւորուած է Տումպըրվենի հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիսաբէթ տաճարին հարեւան պատմական Ապաֆի ամրոցին մէջ:
Տումպըրվեն կը համարուի Թրանսիլվանիոյ հայկական բնակավայրերէն մէկը: Հայերը այնտեղ հաստատուած են 17րդ դարու վերջերուն: 18րդ դարու սկիզբը, հայերու ջանքերով Տումպըրվենը ստացած է «Թագաւորական ազատ քաղաք»ի կարգավիճակ, կառավարուած է հայերու կողմէ հայկական օրէնքներով եւ վերանուանուած՝ Էլիզապէթոպոլիս: Քաղաքին մէջ կառուցուած են հայկական եկեղեցիներ, վարչական եւ կրթական հաստատութիւններ, առեւտրական եւ բնակելի տուներ, որոնց մէկ մասը պահպանուած է մինչեւ օրս: