ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աննախընթաց երեկոյ մըն էր, Շաբաթ, Հոկտեմբեր, 2ի երեկոն, Լոսանճելըսահայ պոլսեցիներուն համար, երբ իրենց միութեան հանդէպ յարգանք ու սէր ունեցող աւելի քան 350 հայորդիներու ներկայութեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի, իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ իր կնոջ, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ Ծխական խորհուրդի ատենապետին ու անդամներուն, միութեան բարերարներուն եւ նուիրատու ամոլներուն, հայրենակիցներուն եւ լոսանճելըսահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն, երախտագիտական առաջին պաշտօնական ճաշկերոյթը կայացաւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան նոր կեդրոնատեղիէն ներս:
Այլ խօսքով, 1976ին ծնունդ առած այս միութիւնը, շնորհիւ իր անդամներու գիտակցութեան, ինչպէս նաեւ անոնց անսակարկ նիւթա-բարոյական աջակցութեան տարիներու իր մեծ երազին իրականացումով՝ վերջապէս տէրը դարձած էր շքեղ կեդրոնի մը:
Կրկնութեան գինով կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ մեր պատմութեան դասերը կը հաստատեն, որ հայ ժողովուրդը միայն համախմբուելով կարողացած է գոյատեւել, պահպանել իր պետականութիւնը, հաւատքն ու ազգային մշակոյթը, ու մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին նոյն այդ ոգիէն թելադրուած՝ տէրը դառնալ իր եկեղեցւոյն, դպրոցին, ակումբին, կեդրոնին, իր Հայ Տան:
Ձեռնարկը ունէր իւրայատուկ գրքոյկ մը՝ տրամադրուած բոլորին, որուն մէջ տեղ գրաւած էին միութեան պատմական ակնարկն ու կեդրոնի կառուցման տեղեկագրութիւնները, ինչպէս նաեւ նուիրատուներու եւ բարերարներու երկար ու օրինակելի ցանկը: Մուտքին, ներկաները պաստառի վրայ դիտեցին միութեան տարիներու աշխատանքները բնորոշող նկարներ: Այսպէս, անվերջ կերպով ցուցադրուեցան միութեան իրերայաջորդ վարչութիւններու աշխատանքներէն մինչեւ սոյն նոր կեդրոնի հողօրհնէքի բաժինները, նոյնիսկ՝ անցեալ Սեպտեմբերին Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին կողմէ պաշտօնական բացման պատմական ու հպարտանք առթող նկարները, որոնք հաճելի հետաքրքրութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:
Ապա, կեդրոնի երկրորդ յարկին վրայ գտնուող մեծ սրահին մէջ, բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան իր խօսքով, օրուան հանդիսավար Այլին Քէսէոյեան, նախ շեշտեց միութեան տարիներու երազն ու անոր իրականացման վկայ եղող նոր կեդրոնի էականութիւնը՝ յիշեցնելով. «Այս նոր կեդրոնը մեզի համար միայն քարեղէն շէնք մը չէ, այլ մշակութային տուն մը, որ պիտի պահէ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան աւելի քան հազար անդամներու ինքնութիւնը: Այսօր միութեան բոլոր անդամներու անսակարկ զոհաբերութեան արդիւնքն է, որ կը վայելենք զայն միասնաբար՝ 34 տարիներ ետք»:
Հանդիսավարը աւելցուց նաեւ, թէ հաւատքով ու նուիրումով իրականացած նման կեդրոն մը, մեծապէս պիտի նպաստէ մանաւանդ մեր նոր սերունդի հայապահպանման գործին ու ճիգերուն:
Ապա ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները, որմէ ետք Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորք քհնյ. Տէմիրճեան օրհնեց սեղանները: Հանդիսավարը հրաւիրեց սրահը նաեւ մէկ վայրկեան լռութեան՝ յարգելու համար յիշատակը յաւէտ բաժնուած միութեան բոլոր հին ու նոր բարերարներուն, անդամներուն եւ հայրենակիցներուն:
Ճաշէն ետք գործադրուեցաւ պաշտօնական յայտագիր մը, որուն սկիզբին միութեան մայր վարչութեան ատենապետ Սիմոն Աճելաչօղլու շեշտեց. «Պատմական օր մըն էր այսօր ոչ միայն վարչութեան, այլ միութեան բոլոր անդամներուն ու նաեւ մեր այս գաղութին համար: Այս գեղեցիկ նոր կեդրոնը յաջողութեամբ իր աւարտին հասաւ մեր բոլորին բարի մտայնութեամբ, Աստուծոյ հաւատքով եւ հայու շինիչ ոգիի թելադրանքով»: Ապա ան թուեց բոլոր այն մեծ նուիրատուները, որոնց անունները կը զարդարէին կեդրոնէն ներս տեղ գրաւած սրահները, գրադարանը, արդիական խոհանոցն ու ժողովասենեակները:
Այսպէս, ան բարի յիշեց ու մեծապէս գնահատեց ու միաժամանակ, յանուն վարչութեան՝ երախտագիտութիւնը յայտնեց մեծ բարերարուհի Սոնա Գիւրգճիւօղլուին, որուն ամուսնոյն՝ Գրիգորի, եւ զաւակին՝ Աւետի, յիշատակները յաւերժացնող մեծ նուիրատուութեան համար, վարչութիւնը կեդրոնին մեծ սրահը անոր հարազատներուն անունով կոչած է:
Ապա միութեան կեդրոնի մուտքին գտնուող սրահը, որ Կարապետ, Խոսրով եւ Տիրան Աքպոլատ եղբայրներու նուիրատուութեամբ կառուցուած էր, անուանուեցաւ «Հրանդ Տինք» մշակութային սրահ: Տակաւին ասոնց վրայ կ՛աւելնար «Գիւրեան մարզադաշտ»ը՝ շնորհիւ նուիրատու Կարօ Գիւրեանի աջակցութեան:
Ատենապետը դարձեալ մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց, թէ այս առթիւ միութիւնը նուիրատուութիւններ ստացած էր նաեւ Պոլսոյ հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի վարչութեան ատենապետէն եւ վարչականներէն: Ան հպարտութեամբ աւելցուց նաեւ, թէ կեդրոնին գրադարանը անուանուած է «Մարք Քէօշքէօր», իսկ շէնքին 3 ժողովասրահները կը կրեն Պոլսոյ ազգային վարժարաններէն «Եսայեան», «Կեդրոնական» եւ «Մխիթարեան» անունները:
Ատենապետ Աճիլաչօղլու կոչ ըրաւ բոլոր հայրենակիցներուն, որ գործնականապէս միանան այս մեծ միութեան, ուր ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ մշակութասիրութեան ոգին միշտ գոյութիւն ունի: Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, կեդրոնի ճարտարապետին, բարերարներուն եւ հովանաւորողներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար սատարած էին կեդրոնի զանազան աշխատանքներու յաջողութեան: Ատենապետը յիշեց նաեւ, որ տակաւին միութիւնը 660,000 տոլարի պարտք մը ունի իր ուսերուն վրայ:
Անգլերէնով իր սրտին խօսքը փոխանցեց նաեւ վարչութեան փոխատենապետ՝ իրաւաբան Էտուին Մինասեան, որուն յաջորդեց միութեան տարիներու բարեկամ փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, որ իր կարգին, միութեան ծննդեան եւ ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ամփոփ պատմականը ներկայացուց՝ միաժամանակ վեր առնելով պոլսահայոց ազգասէր ոգին, եկեղեցասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:
Կեդրոնի վերաբացաման յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ Գուրգէն Պիրքսանլար, որ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերէն ետք, միութեան անունով պատուեց հիմնադրութենէն ի վեր անոր իրերայաջորդ վարչութիւններուն ատենապետները:
Սրահը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ, երբ յայտարարուեցաւ, թէ Կարապետ Աքբոլատ սոյն ճաշկերոյթին առթիւ, իր ցարդ կատարած նուիրատուութիւններուն վրայ կ՛աւելցնէր նաեւ 50 հազար, ինչպէս նաեւ բարերարներ Կարպիս Երելէք՝ 30 հազար, եւ Գուրգէն Պիրքսանլար՝ 15 հազար տոլար:
Ընթացքին տեղի ունեցաւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններու շարան մը, ու այս ձեւով օրուան հանգանակութեան գումարը հասաւ 175 հազար տոլարի:
Աւարտին սրբազան հայրը իր հայրական պատգամով նախ վեր առաւ օրուան յիշատակելի իմաստը եւ յիշեցուց. «Այս շէնքը պէտք է դարձնել կամուրջ մը, մեր պատմութեան եւ գալիք սերունդներու հաշւոյն, որոնք պիտի քալեն անոր մէջէն»:
Շնորհաւորելէ ետք միութիւնը, անոր բոլոր անդամներն ու ներկաները, սրբազանը յիշեց, որ «այս բոլորէն ետք միութեան դիմաց նոր մարտահրաւէրներ կը բացուին: Նոր աշխատանքի պէտք է լծուիլ: Այս ապահով հովանիին տակ ձեր զաւակները պէտք է զինէք հայրենասիրութեամբ: Այս մէկը բարոյական պարտք մը թող ըլլայ ձեր բոլորին համար: Կը հաւատանք, որ այս շէնքը պիտի դառնայ կեանքի հրաւիրող շէնք մը: Ուստի՝ պէ՛տք է արժեւորել»:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին մասնակցութիւն բերին «Վարդան եւ Անուշ Գէորգեան» պարի դպրոցի երկսեռ աշակերտները՝ հայկական պարերով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Յովիկ Ոսկանեան եւ հանրայայտ երգիչ Անդրանիկ Մովսէսեան՝ ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգերով:
Կը հաւատանք, որ մեր ազգային կրթական ու մշակութային կեանքի ծաղկումին ծառայող իւրաքանչիւր քայլ արդէն նոր ներդրում մըն է մշակութային մեր գանձատան:
Ուստի, կը շնորհաւորենք միութիւնը՝ իր սեփական շէնքին տէրը դառնալու հպարտալի առիթով, եւ յարատեւութիւն կը մաղթենք անոր աշխատանքներուն: