ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 15ին տեղի ունեցաւ «Աջակցութիւն երիտասարդ ընտանիքների բնակարանաշինութեան» ընկերային ծրագիրի բնակելի համալիրի առաջին շէնքին հիմնարկէքի արարողութիւնը:
«Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտներ միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը, Հայաստանի ու ԵՊՀ շրջանաւարտներու միաւորման հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ս. Սարգսեանի հովանիին տակ, 2008էն ի վեր կ՛իրականացէ սոյն ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս, Կապանի մէջ պիտի կառուցուին բնակարաններ, որոնք յարմար գիներով պիտի տրամադրուին Սիւնիքի մարզի երիտասարդ ընտանիքներուն: Բնակելի համալիրը բաղկացած պիտի ըլլայ երեք մասնաշէնքերէ ու պիտի ունենայ 335 բնակարան:
Բնակարանաշինութեան ծրագիրի ընդհանուր արժէքը 7.6 միլիառ դրամ է: Միւս երկու մասնաշէնքերուն շինարարութիւնը պիտի սկսի 2011ին: Առաջին շէնքի շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ 2012ի Նոյեմբեր 30ը, իսկ ամբողջ համալիրին շինարարութիւնը՝ 2013ի Փետրուարին: