ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 15ին ընդունած է Հայաստանի տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը՝ յանձնաժողովի ղեկավար Արտակ Շաբոյեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննուած են տնտեսական մրցակցութեան կարգաւորման ոլորտէն ներս համագործակցութեան ու փորձառութեան փոխանակման հետ կապուած հարցեր: Երկուստէք նշուած է հայկական երկու պետութիւններուն միջեւ այս ոլորտին մէջ համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը: