ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Գեղարքունիքի մարզպետ Նուէր Պօղոսեան Հոկտեմբեր 14ին այցելեց մարզի Թթուջուր գիւղ՝ ցաւակցելու Սեպտեմբեր 11ին ատրպեճանական գերութեան մէջ յայտնուած եւ Հոկտեմբեր 5ին սպաննուած քսանամեայ Մանուէլ Սարիբէկեանի ընտանիքին:
Նուէր Պօղոսեան Սարիբէկեաններուն յատկացուց հարիւր հազար դրամի օգնութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց դժբախտութեան մէջ յայտնուած ընտանիքին կողքին ըլլալու ու սատարելու անոնց այս դժուարին պայմաններուն մէջ:
Մարզպետը Սարիբէկեանները վստահեցուց, թէ Հայաստանի հանրապետութեան բարձրագոյն մարմինները կը զբաղին իրենց զաւակին հարցով ու պիտի ընեն կարելին՝ ծնողներուն եւ ընտանիքի միւս անդամներուն վիշտը ամոքելու համար: