ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Հոկտեմբեր 15ին ընդունած է ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերկէյ Կապինոսի գլխաւորութեամբ:
Կողմերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են սահմանային լարուածութեան աճին կապակցութեամբ: Սէյրան Օհանեան մասնաւորապէս նշած է, թէ հակառակ դիպուկահարներու յարձակումները կասեցնելու մասին հայկական կողմի առաջարկներուն եւ միջազգային հանրութեան յորդորներուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ անտեսել մարդասիրական սկզբունքները՝ նենգ միջոցներով խախտելով հրադադարը, որուն հետեւանքով պաշտպանութեան նախարարութիւնը ստիպուած է զգալիօրէն խստացնել ատրպեճանական դիպուկահարները չէզոքացնելու գործողութիւնները:
Դեսպան Կապինոս խոստացած է ԵԱՀԿ ղեկավար մարմիններուն զեկուցել ստեղծուած իրավիճակին մասին: