
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 20ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը եւ՝ անոր օրակարգին մէկ կէտը: «Մենք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի շարունակման ջատագովն ենք շարունակելու լինել: Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում նաեւ, թէ՛ թուրքական կողմին եւ թէ հանրութեանը հրապարակայնօրէն ասել ենք, որ Հայաստանը երբեք հարցականի տակ չի դնի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ դրա միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը», հաստատած է արտաքին գործոց նախարարը: