
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները պետական շրջանակներէ քաղելով՝ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը կը շահագործեն ճնշում բանեցնելու համար Թուրքիոյ վրայ:
Ըստ թուրք պաշտօնատարներուն, վերջերս ամերիկացի պաշտօնատարներ սկսած են անուղղակիօրէն ազդարարական ոճով խօսելու Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման դէմ դնել չկարենալու մասին, պնդելով, որ Իրանի նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը, Իսրայէլ-Թուրքիա վատթարացող յարաբերութիւնները եւ ամերիկեան հակահրթիռային հրթիռներ Թուրքիոյ տարածքին զետեղելու հարցով Անգարայի անորոշ կեցուածքը կը դժուարացնեն բանաձեւին դէմ դնելու Ուաշինկթընի ջանքերը:
Յայտնենք, թէ Եւրոպայի տարածքին ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր տեղադրելու պաշտօնական պատճառաբանութիւնը՝ «իրանական հրթիռներու սպառնալիքն է», եւ այդ պատճառով, ամերիկեան իշխանութիւնները նման խնդրանքով դիմած են Թուրքիոյ:
Պուլկարական «BGNES» գործակալութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, թէ Անգարա արդէն իսկ որոշած է մերժել այդ խնդրանքը, որովհետեւ Անգարա «սպառնալիք չի տեսներ դրացիներէն»: