
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Արա Սիւտճեան աշխատած է Հոլիվուտի շարժապատկերի զանազան ժապաւէններու պատրաստութեամբ իբրեւ օգնական՝ արտադրութեան եւ արուեստի բաժանմունքներէն ներս, ապա բեմադրած է «միւզիք վիտէօ»ներ եւ ծանուցումներ քաղաքիս կարգ մը յայտնի ընկերութիւններու պատուէրով:
Շարժապատկերի երիտասարդ բեմադրիչին «Ը Նայս Օլտ-Ֆեշընտ Ռոմենս, Ուիթ Լաւ, Լիրիքս Էնտ Էվրիթինկ» (A Nice Old-Fashioned Romance, With Love, Lyrics and Everything) խորագիրով առաջին կարճ ֆիլմը՝ իրականացած այս տարուան ընթացքին, հիմնուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի նոյնանուն կարճ պատմութեան վրայ եւ մինչ օրս ներկայացուած՝ մի քանի ֆիլմի փառատօներու, որոնց շարքին «Լոս Անճելըս Ինթըրնեշընըլ Շորթ Ֆիլմ Ֆեսթիվըլ»ին եւ «Արփա Ֆիլմի Միջազգային Փառատօնին»:
Ճորճ Ատուրեան բեմադրիչին հետ ունեցաւ անգլերէնով զրոյց մը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Հանրութեան համար յաճախ շատ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս անձ մը կ՛որոշէ դառնալ շարժապատկերի բեմադրիչ, նկատի ունենանլով որ այդ մէկը բոլորովին տարբեր «բան» մըն է, անիկա նոյն բանը չէ, ինչպիսին է բժիշկ, փաստաբան կամ նոյնիսկ երաժիշտ կամ գեղանկարիչ դառնալ ուզելու որոշումը կամ ձգտումը: Ինչպէ՞ս առնուեցաւ ձե՛ր որոշումը:
ԱՐԱ ՍԻՒՏՃԵԱՆ.- 12-13 տարեկանիս, արդէն գիտէի որ կ՛ուզեմ շարժապատկերի բեմադրիչ դառնալ: Մայրս, որ կը ձգտէր դերասանուհի ըլլալ, ամէն շաբաթավերջի մեզ շարժապատկեր դիտելու կը տանէր: Իսկ երբ շարժապատկեր դիտելու չերթայինք, ֆիլմեր կը վարձէինք եւ մեր հին «Պէթա» երիզի գործիքը օգտագործելով կը դիտէինք զանոնք: Ֆիլմերը ինծի համար ծառայած են իբրեւ ձեւ մը առօրեայ հոգերէն խուսափելու: Ես միշտ հրապուրուած եմ շարժապատկերի կախարդութեամբ: Յաճախ հօրմէս կը խնդրէի, որ զիս «Իւնիվըրսըլ Սթիւտիօզ» տանի եւ ինք իր գործէն օր մը արձակուրդ առնելով մեզ կը տանէր այնտեղ «վիտէօ»ով նկարահանելու «պըհայնտ տը սինզ»՝ (behind the scenes) շրջապտոյտի շարժապատկերի գաղտնիքներու բաժինը: Վերադառնալով տուն՝ կը դիտէի ու կրկին անգամ կը դիտէի հօրս նկարած «Իւնիվըրսըլ»ի երիզը եւ կը փորձէի հետամուտ ըլլալ ներկայացուած հնարքներուն:
1989ի ամրան դիտեցի Սփայք Լիի (Spike Lee) «Տու տը Ռայթ Թինկ» (Do the Right Thing) ֆիլմը եւ այդ օրուընէ նուիրագործուեցաւ շարժապատկերի բեմադրիչ դառնալու գաղափարը:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախքան ձեր երաժշտական տեսաերիզներ եւ ֆիլմ մը բեմադրելը աշխատած էք Հոլիվուտի մէջ, մասնակցելով այնպիսի ժապաւէններու նկարահանումներուն, ինչպիսին են՝ «13 Going 30», «Confession of a Dangerous Mind», «Intolerable Cruelty» եւ «The Ring 2»ն: Ի՞նչ տեսակի փորձառութիւններ էին անոնք եւ ի՞նչ էր ձեր դերը անոնց մէջ:
ԱՐԱ ՍԻՒՏՃԵԱՆ.- «Հոլիվուտ»ի համար աշխատիլը հոյակապ փորձառութիւն էր: Մեծ առիթ մըն է այնտեղ ներկայ ըլլալը եւ հարազատ աչքերով տեսնելը այն ամէն ինչը, որ տեղի կ՛ունենայ քուլիսներու ետին՝ թէ ինչպէս բեմադրիչը ամէն ինչ կը պատրաստէ եւ ինչ կ՛ընեն արտադրողը (producer) կամ արուէսի բաժանմունքը…: Շատ բախտաւոր էի «Տրիմ Ուըրքս»ի (Dream Works) «Տը Թայմ Մըշին» (The Time Machine) ֆիլմի պատրաստութեան իբրեւ արտադրութեան օգնական (production assstant, PA) աշխատելուս համար: Երկրոդ օրը, Սթիւըն Սփիլպըրկը (Steven Spielberg) հանդիպեցաւ մեզի, գծագրութիւններ ուսումնասիրեց եւ բեմադրիչին ու արուեստի բաժանմունքի բեմադրիչին ցուցմունքներ տուաւ: Այս մէկը այնպիսի բան մըն էր, զոր միայն ժապաւէնի մը DVD-ի «պոնիւս էքսթրազ»ին (bonus extras) մէջ կրնաս տեսնել, իսկ ես՝ անձա՛մբ տեսայ: Ապա յաջորդ չորս տարուան ընթացքին մէկ գործէն միւսին ոստում կատարեցի: Աշխատեցայ հոյակապ մարդոց հետ եւ շահեցայ արժէքաւոր փորձառութիւն՝ սուրճ պատրաստելու եւ Xerox թուղթերու վերաբերեալ: Այն ինչ չսորվեցայ՝ բեմադրելը, «Էտիթինկ»ն ու նկարահանելն էին: Հոլիվուտի մէջ աշխատիլը լաւ է կապեր հաստատելու եւ «նէթուըրքինկ»ի (networking) համար, սկայն ոչ այդքան լաւ եթէ կ՛ուզէք շարժապատկերի բեմադրիչ դառնալ: 2004ին էր, երբ իբրեւ օգնական կ՛աշխատէի կին արտադրողի մը համար. շատ սիրեցի անոր հետ աշխատիլը, սակայն գիտէի որ գոհ պիտի չըլլամ մինչեւ այն ատեն, որ ես իմ անձնական գործերս չիրականացնեմ: Ուրեմն, 2004ի աշնան որոշեցի հետապնդել բեմադրական գործեր: Սկսայ նկարահանել, բեմադրել եւ համադրել (edit) կարճ վաւերագրական ժապաւէններ, երաժշտական երիզներ եւ ծանուցումներ: Այս մէկը ըրի կառուցելու համար ներկայացման ժապաւէնս (demo reel), որ զիս առաջնորդեց դէպի երաժշտական երիզներու բեմադրութեան կարճատեւ ասպարէզ:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Բեմադրած էք երաժշտական երիզներ այնպիսի ընկերութիւններու համար, ինչպիսին են «Սօնի Միւզիք» (Sony Music) եւ «Ուըրնըր Պրոզ. Ռեքորտզ» (Warner Bros. Records). ինպէ՞ս ընթացած են անոնք:
ԱՐԱ ՍԻՒՏՃԵԱՆ.- Երաժշտական երիզներ բեմադրելը հոյակապ բան է: Անիկա ստեղծագործ ըլլալու առիթը կ՛ընձեռէ, նաեւ լաւ միջոց մըն է տաղանդդ փաստելու եւ ցուցադրելու: Յայտնի անուն ունեցող ընկերութեան մը հետ աշխատիլը բարդ փորձառութիւն մըն է. ծրագրելու շատ ժամանակ չես ունենար, ոչ ալ ապահով պիւտճէ՝ աշխատելու համար: Անոնք քեզ կը վարձեն իրենց գաղափարները կեանքի բերելու համար, սակայն անիկա միշտ այդպէս չէ: Երբեմն ընկերութիւնը կու տայ անբողջական ստեղծագործական արտօնութիւն, ինչպէս օրինակ՝ Սերժ Թանքեանը տուաւ, երբ «Մանի» (Money) երաժշտական երեզի նկարահանումը կը կատարէի:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒԵԱՆ.- Քանի մը ամիս առաջ բեմադրեցիք կարճ ժապաւէն մը «Ը Նայս Օլտ-Ֆաշըն Ռոմենս» (A Nice Old-Fashion Romance) խորագիրով՝ հիմնուած Ուիլիըմ Սարոյեանի կարճ պատմութեան վրայ. ինչո՞ւ Սարոյեան:
ԱՐԱ ՍԻՒՏՃԵԱՆ.- 2009ի աշնան էր. ամբողջ եռանդս դրած էի արտադրող ընկերութիւն մը գտնելու աշխատանքին մէջ: Յաջողեցայ BIG արտադրող ընկերութեան հետ համաձայնութիւն մը կնքել, սակայն ուրախ չէի ինծի յանձնուած գործով: Անիկա հաճելի կամ գոհացուցիչ չէր: Ես իմ անձիս համար բան մը կ՛ուզէի ընել. կինս զիս քաջալերեց որ կարճ ֆիլմ մը բեմադրեմ:
Անոր խօսեցայ Սարոյեանի մէկ կարճ պատմութեան մասին, զոր միշտ շատ սիրած եմ: Զայն տուի կնոջս որ կարդայ եւ շուրջ տասը վայրկեան ետք ան ըսաւ, որ անպայման պէտք է զայն ֆիլմի վերածենք: Ուրեմն՝ վերածեցինք:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Խօսեցէք ֆիլմի պատրաստութեան ընթացքին մասին՝ սկսած բեմագրութեան (screenplay) ձեւաւորումէն մինչեւ անոր առաջին ցուցադրութիւնը:
ԱՐԱ ՍԻՒՏՃԵԱՆ.- Ըսեմ, որ բեմագրութիւնը ըստ էութեան այնտեղ էր արդէն Սարոյեանի կարճ պատմութեան շնորհիւ: Կինս՝ Կարինէն, եւ ես աւելցուցինք մի քանի կարճ տեսարաններ, որոնք, մտածեցինք, կրնային օգնել գրուած պատմութիւնը սինեմայի լեզուի թարգմանելուն՝ միեւնոյն ժամանակ հարազատ մնալով բնագիրին: Ամէն ինչ մենք ըրինք: Գրեցինք, բեմադրեցինք, նկարահանեցինք, արտադրեցինք, յարդարեցինք… զգեստները ընտրեցինք: Սքանչելի փորձառութիւն մըն էր անիկա: Նաեւ տաղանդաւոր ընկերներ մեզի սպասարկեցին իբրեւ դերասաններ: Արամի դերին համար ընտրեցինք պատանի տաղանդաւոր դերասան Ճօ Գաբրիէլեանը:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- «Ը Նայս Օլտ-Ֆաշըն Ռոմենս»ը ներկայացուեցաւ «Լոս Անճելըս Շորթ Ֆիլմ Ինթըրնաշընըլ Ֆիլմ Ֆեսթիվըլ»ին եւ Արփա Միջազգային Ֆիլմի Փառատօնին, ինպէ՞ս ընդունուեցաւ անիկա:
ԱՐԱ ՍՈՒՃԵԱՆ.- Դժբախտտաբար առաջին փառատօնի ընթացքին Եւրոպա կը գտնուէի եւ ես՝ անձամբ չտեսայ ժողովուրդի ընդունելութեան հակազդեցութիւնը, սակայն եղբայրս զայն նկարահանեց եւ վերածեց կարճ երիզի մը, զոր կարելի է դիտել հետեւեալ կայքէջին վրայ՝ http://www.youtube.com/watch?v=axFyHGsYjI4
