Երրորդ տարին ըլլալով, վերամուտին, դպրոցի Ուսումնական Մարմնի կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ գիշերային բացօթեայ խրախճանք մը, որուն ընթացքին ծնողներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութեան անձնակազմի ներկայացուցիչներ եւ դպրոցի բարեկամներ, ի մի գալով միասնաբար կÿանցընեն յաճելի ժամանակ մը, իսկ ձեռնարկի եկամուտը կը յատկացուի դպրոցի սաներու կրթաթոշակի ծախսերուն:
Այս տարուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, իսկ սկզբնական հիւրասիրութիւնը՝ դպրոցի շրջափակէն ներս: Օրուան, պատուոյ հիւրերն էին՝ դպրոցի նախակրթարանի բաժինի բարերարներ տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեանները: Արդարեւ, երկու շաբաթներ առաջ՝ Սեպտեմբեր 27ին, տեղի ունեցած էր նախակրթարանի պաշտօնական անուանակոչումը, եւ դպրոցը անուանուած էր՝ Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան նախակրթարան, բարերարին մօր անունով:
Առ ի յարգանք բարերարներուն, ուսումնական մարմինն ու տնօրէնութիւնը բարերարներն ու իրենց ընտանեկան պարագաները հրաւիրած էին սոյն ձեռնարկին, առիթը ընծայելով անոնց մօտէն ծանօթանալու դպրոցի այս մեծ ընտանիքի անդամներուն:
Սրահը, բեմը ու շրջափակը զարդարուած էին տարբեր գոյներու լուսաւորումով եւ մշտադալար թուփերով: Իսկ, ձեռնարկի մասնակիցները, տարեկան հաւաքոյթը վերածած էին զուտ ընտանեկան ու ընկերային ջերմ հանդիպման մը: Սրահի մուտքին զետեղուած էր, շրջափեղկի մէջ առնուած տիկին Մարի Գապայեանի դիմանկարը: Անոր կողքին համակարգիչի մը վրայ կը ցուցադրուէր նախակրթարանի անուանակոչումի միջոցառումէն նկարներ:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի բացումը կատարեց Ուսումնական մարմինի քարտուղար Նաթալի Յակոբեանը, իսկ ճաշասեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը:
Տնօրէն Ժան Գոսագեան իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց բարերարներուն նախաձեռնութեան ոգին, որուն պատճառով դպրոցին նուիրած են կէս միլիոն տոլար: Ան նաեւ յայտարարեց, որ սոյն ձեռնարկի եկամուտին կարեւոր մէկ բաժինը պիտի յատկացուի նախակրթարանի շինարարութեան նախնական ծախսերուն: Ան մանրամասնութիւններ փոխանցեց նաեւ կառուցուելիք դպրոցին մասին, որ պիտի ունենայ 18 դասարաններ, 4 գրադարան եւ տարրալուծարաններ, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան մասնաբաժինը, ընդամէնը՝ 3.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ:
Ուսումնական մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Գույումճեան մեծապէս դրուատեց դպրոցի բարերարներուն արարքը եւ յատկապէս ընդգծեց տոքթ. Վաչէ Գապայեանի մօր՝ Մարի Գապայեանի, ունեցած սէրը՝ հանդէպ կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան, ինչ որ պատճառ հանդիսացած է բարերարին մօտ հայկական դպրոցի մը նիւթապէս նեցուկ կանգնելու գաղափարին:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր խօսքով քաջալեր հանդիսացաւ դպրոցի ծրագիրներուն եւ յայտնենց, որ իր կարգին, մեծապէս պիտի սատարէ դպրոցի այս շինարարական աշխատանքի յաջողութեան: Սրբազան հայրը, անդրադառնալով բարերարներուն՝ մեծապէս գնահատեց անոնց նուիրաբերելու ոգին:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անդամ Փօլ Գրիգորեանի ներկայացուցիչին կողմէ տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեաններուն յանձնուեցաւ քաղաքապետարանի գնահատագիրը:
Իր կարգին, տոքթ. Վաչէ Գապայեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր եւ իր կնոջ՝ Շուշիկին, հանդէպ ցոյց տրուած յարգանքին համար: Ան անդրադարձաւ իր մօր նկարագիրին, որուն կը պարտի իր հայեցի կրթութիւնն ու հայ գաղութին հանդէպ տածած իր ծառայասիրութիւնը:
Ձեռնարկի խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ ներկաները կատարեցին շուրջ վաթսուն հազարի նուիրատուութիւն:
Նուիրատուներու ցանկը կը հրատարակենք անգլերէնի լրատուութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.