
Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին, Կլենտէյլի մէջ տեղի պիտի ունենայ մարդասիրական այս կազմակերպութեան տարեկան հինգերորդ քայլարշաւը, որ կը կրէ «Կեանքի արշաւ» խորագիրը:
Քայլարշաւին կարելի է մասնակցիլ 3 կամ 6 քլմ. կարողութեամբ: Քայլարշաւը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9ին, ժամը 7:30էն 8:30 տեղի ունենալիք արձանագրութիւններէն ու ժամը 8:30ի բացման արարողութենէն ետք, Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին դիմացէն:
Քայլարշաւը պիտի աւարտի «Վերտուկօ» զբօսայգիին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ համայնքային փառատօն մը:
Քայլարշաւին կարելի է նաեւ միանալ ժամը 9:30ին, Կլենտէյլի քաղաքապետարանին առջեւ արձանագրուելով. իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն միայն փառատօնին մասնակցիլ, կրնան արձանագրուիլ «Վերտուկօ» զբօսայգիին մէջ, ժամը 10:30էն սկսեալ:
Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ կ.ե. ժամը 2:30, որմէ ետք մասնակիցները փոխադրակառքերով պիտի վերադարձուին «Մեմորիըլ» հիւանդանոց:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 663-3609 թիւին, կամ այցելել համացանցային abmdr.am կայքը: