ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Արուեստագէտ Նշան Տէր Գալուստեանի նկարներուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ամսուան վերջը, Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի սրահին մէջ:
Արուեստագէտը, շատ անգամ, իր նկարները ցուցադրած է զանազան երկիրներու մէջ, սակայն հոկտեմբերեան այս ձեռնարկը, իր մէջ թաքուն նպատակ մը կը հետապնդէ. նախ՝ իբրեւ մուսալեռցի, իր լուման կը փափաքի դնել, Օգոստոս 6-22 օրերու ընթացքին, Այնճար աւանին մէջ տեղի ունեցած եւ համահայկական բնոյթ ստացած, անոր հիմնադրութեան 70 ամեակի հանդիսութիւններուն, ապա՝ ցուցադրուած 28 նկարներու ընդմէջէն առիթը ստեղծել այս օտար ափերուն վրայ ապրող մուսալեռցիներուս, պահ մը վերյիշելու եւ ապրելու անցեալի քաղցր յիշատակներն ու աւանդութիւնները, որոնք հարազատօրէն պատկերուած են արուեստագէտին պաստառներուն վրայ, գոյներու ներդաշնակ համադրութեամբ:
Հինգշաբթի երեկոյեան դէմ, Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի սրահին մէջ, աւելի քան 150 անձերու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Նշան Տէր Գալուստեանի նկարներու ցուցադրութեան բացման հանդիսութիւնը. բացման խօսքը կատարեց Վարուժան Տէր Սիմոնեանը, որ միաժամանակ մղիչ ուժն ու ցուցահանդէսը կազմակերպողը կը հանդիսանայ: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետութեան, որ սիրայօժար ընդունած էր ցուցահանդէսին առաջարկը, ապա՝ ծանրացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ արուեստագէտ Նշանը, թէեւ հեռու կ՛ապրի Այնճար աւանէն ու Մուսատաղէն, ան կ՛ապրի ու կը գործէ աւանին տրամադրութիւններով եւ զգացումներով, որովհետեւ ծնած ու հասակ առած է ա՛յդ աւանին մէջ:
Վարուժան Սիմոնեան, գաղութիս մէջ յարգուած անձնաւորութիւններէն է. ան կը վարէ Ֆրեզնոյի մէջ թանգարանի մը ստեղծման աշխատանքները: Տէր Սիմոնեանի կողքին, մեծ դեր ունեցած է նաեւ Հայզըլ Փաթնամ Անթառամեան: Ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներէն Անդրէաս Պորկասը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի Արուեստի խորհուրդի ատենապետուհի Մարիա Ֆրանքօն:
Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնն ու մուսալեռցիներ, որոնք կարօտով կը շրջէին սրահին չորս կողմը, պատին վրայի նկարները դիտելով՝ անցեալի օրերը կը յիշէին, երնէկ կու տային ըսելով. «Հակառակ դժուարութիւններուն՝ ուրախ էինք»: Խումբ մը կիներ հաւաքուած էին «Վառարան» նկարին շուրջ՝ պատմական «մազոթով սոպան», որ կը պատկերացնէր ձմրան եղանակի տան մէջի վառարանը, մեծ մայրիկին շուրջ բոլորուած ընտանիքի անդամներ, որոնք կը տաքնային եւ պատմութիւններ կը պատմէին. անոր պատրաստութիւնը, մաքրութիւնն ու վառելանիւթ (մազոթ) լեցնելը. մէկը կը յարէ. «Ճիշդ այսպէս վառարանին շուրջ կը բոլորուէինք հինգ-վեց հոգիով, եւ դաս կը սորվէինք»:
Յիշատակելի նկարներ են՝ «Գիւղին ժամացոյց»ը, որ քոյր Հետվիկը շինել տուած էր գիւղին մէջտեղի ճամբուն վրայ, «Այնճարի մուտքին»ը, «Բերքահաւաք»ը, «Պաթաուզ»ը, «Ձիով կառքը», «Այնճարի առաջին աղբիւրը», որոնք բոլորն ալ անցեալէն յիշատակներ կ՛արթնցնէին:
Ցուցահանդէսին ներկայ էր նաեւ գծագրիչ Ռաֆայէլ Աթոյեանը՝ Հայաստանի պետական համալսարանի արուեստի դասախօսներէն: Ան հանգամանօրէն արտայայտուելով՝ ըսաւ. «Հրաշալի արուեստի գործեր են, ուր կը ցուցադրուին պատմական թեմաներ, որ կարծես հայելին է Մուսա Լերան եւ Այնճարի ժողովուրդին. իւրաքանչիւր նկար, իր գոյներու ներդաշնակութեամբ եւ պարզութեամբ, իր մէջ ունի խորաթափանց եւ հասուն արուեստագէտի մը ներկայութիւնը, որ վրցինով եւ գոյներով դիտողները կը հրապուրէ»:
Արուեստագէտ Նշան Տէր Գալուստեանը, խօսք առնելով՝ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որոնք եկած ու զինք քաջալերած էին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն՝ իր ազնիւ կնոջ՝ Արուսին, որ միշտ իր կողքին եղած է, եւ այսօր, իր պատրաստած Մուսա լերան աղանդերով ներկաները կը հիւրասիրէ: