ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» ուխտին, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Հոկտեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 300է աւելի ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու: Հանդիսութեան ներկայ էին հիւրաբար քաղաքս գտնուող Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան, վարչականներ՝ Ռաֆֆի Խաչատուրեան, Անօ Մանսուրեան եւ Ռիմա Սաղրեան, ՀՄԸՄի վաստակաշատ վեթերան անդամներ Ժիրայր Սարգիսեան, Աբօ Սաղտըճեան ու շրջանին մէջ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Երեկոյթը սկսաւ հանդիսավարուհի Ծովիկ Տէրունեանի ողջոյնի խօսքերով, ապա շարունակուեցաւ ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ եւ ամերիկեան, հայկական ու ՀՄԸՄի հիմներու երաժշտութեան կատարումով: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը:
Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄին կողմէ բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ վարչութեան ատենապետ Վահան Տէրունեան. ան ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ 1970ին հիմնուած Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մասնաճիւղը, մէկ մասը կազմելով 85 տարիներ առաջ հիմնադրուած մարզական այս մեծ կազմակերպութեան՝ այսօր ունի 324 անդամներ, 267ը՝ մարզիկներ՝ 11 կողովագնդակի ու 3 ոտնագնդակի խումբերու, նաեւ 75 սկաուտներ եւ արծուիկներ: Ապա շարունակեց ըսելով. «Վերջին 40 տարուան ընթացքին մեզմէ շատեր իրենց անուշ ու հետաքրքրական յուշերը ունին այս կազմակերպութեան հետ, իբրեւ մարզիկ, իբրեւ արի-արենուշներ կամ պարզ անդամներ, որոնք իրենց յիշատակելի պատմութիւնը ունին բաժնելու ձեզի հետ: Այսօր հպարտանքով կը տօնենք մեր մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40ամեակը, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի ու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» ուխտին հետ»:
Վ. Տէրունեան, իր խօսքի աւարտին մասնաւոր շնորհակալութիւններ յայտնեց ՀՄԸՄի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններուն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» ուխտին, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ կանգնեցան այս ձեռնարկին:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի քառասնամեակի մոմավառութեան արարողութիւնն ու կարկանդակի հատումը՝ ստեղծելով ընդհանուր խանդավառութիւն սրահէն ներս:
Խորհրդաւոր եւ յուզիչ պահ էր նաեւ 16 նոր պատանիներու մուտքը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» ուխտի շարքերէն ներս: Արդարեւ, այդ երեկոյեան 16 պատանիներ իրենց երդման ուխտը կատարեցին՝ կնքահայրութեամբ ՀԵԴի երկարամեայ ու վաստակաշատ նախկին խորհրդատու-վարիչ Մուշեղ Անտոնեանի: Երդման արարողութենէն ետք շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ ՀԵԴի «Ռստոմ» ուխտի անդամներէն Սալբի Սիյահեան եւ ՀԵԴի կեդրոնական վարչութենէն Արեգ Սանդիկեան:
ՀՄԸՄի արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ռաֆֆի Խաչատուրեան. ան նախ շնորհաւորեց ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի վարչութիւնը, 40ամեակի տօնակատարութեան առիթով, ապա շնորհաւորեց նաեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան պատանիները, որոնք այս հանդիսաւոր առիթով տուին իրենց երդումը ու դարձան ընկեր-ընկերուհիներ: Ռ. Խաչատուրեան շարունակելով ըսաւ.
«Ի՞նչ նուէր կրնանք տալ այս 40 տարեկան մասնաճիւղին: Միայն մէկ բան՝ մեր բոլորին բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւնը, այն յոյսո՛վ, որ մօտիկ ապագային այս շրջանը եւս ունենայ իր սեփական մարզադաշտը: Ամերիկայի այս ափերուն մենք կը փորձենք նիւթական ներդրումներ ընել՝ մեր զաւակներուն ապագան ապահովելու համար. ՀՄԸՄին տուած ձեր նիւթական ու բարոյական ներդրումը, թէեւ նիւթական շահ չապահովե՛ր, սակայն այս պարագային, շահը ձեր զաւակներուն եւ ձեր թոռներուն տիպար հայ ու տիպար ՀՄԸՄական մեծնալն է՝ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն ներս»:
Քառասնամեակի տօնակատարութեան առիթը օգտագործելով՝ Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը գաղափարը յղացած էր շքանշանով մը մեծարել ՀՄԸՄի շարքերու համեստագոյն անդամներէն՝ աքելա Յակոբ Կարապետեանը, ՀՄԸՄի ճամբով անոր մատուցած երկար տարիներու ծառայութեան համար: Լիբանանի շրջանային վարչութեան խնդրանքին ընդառաջելով՝ ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութիւնը աքելա Յ. Կարապետեանին շնորհած էր «Ծառայութիւն» շքանշանը, առ ի գնահատանք անոր երկար տարիներու վաստակին: Շքանշանի տուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռա՛մբ կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեանի, որ զարդարեց աքելային լամբակը: Ապա, արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը նաեւ վարձատրեց աքելան՝ անոր յանձնելով գնահատական յուշատախտակ մը, ձեռամբ Ռաֆֆի Խաչատուրեանի եւ Սթիւ Արթինեանի:
Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄին ու աքելա Յ. Կարապետեանին շնորհաւորական ու գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄի շարքերէն ներս երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ ՀՄԸՄական Ժիրայր Սարգիսեանը: Ան նախ իր խօսքերը ուղղելով ՀՄԸՄի տեղական վարչութեան՝ շնորհաւորեց քառասնամեակի տօնակատարութիւնը ըսելով. «Անցնող 40 տարիներու ընթացքին շատեր մաս կազմելէ ետք գացի՛ն, բայց վստահաբար իրենց հետ տարին նաեւ գեղեցիկ ու անուշ յիշատակներ: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել այն բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք իրենց դրական ներդրումը ունեցան այս մասնաճիւղի գոյատեւման, յառաջդիմութեան ու զարգացման»:
Ապա Ժ. Սարգիսեան, իր խօսքը մասնաւորելով սկաուտիզմի եւ աքելա Յ. Կարապետեանի վաստակին՝ շարունակեց. «Մեր բառապաշարին մէջ կայ երկու բառերէ բաղկացած բարդ բառ մը՝ «նախ-ա-կրթարան»: ՀՄԸՄի գայլիկներու բաժանումը՝ նախակրթարանը, նախաքայլն է սկաուտական շարժումին, ուր մեր աքելան իր իւրայատուկ ոճով կը յայտնաբերէր ու կը մշակէր իւրաքանչիւր գայլիկի անյայտ կարողութիւնները, իր պարզ ու հաղորդական շունչով կը պատգամէր ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ, ծառայել հայրենիքին եւ օգնել տկարին, որոնք ուղեցոյցը եղան իր գայլիկներուն յետագայ անհատական ու հաւաքական կեանքին, եւ վարձատրութիւնը՝ իր երկարամեայ ծառայութիւններուն»:
Իր խօսքի աւարտին, Ժ. Սարգիսեան տալով իր մասնայատուկ գնահատականը՝ աքելա Յ. Կարապետեանի մասին ըսաւ. «Այսպիսի անհատականութեան մը տիպարն է ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ իւրայատուկ ու արժանի տեղը ունեցած, ՀՄԸՄի գայլիկական շարժումին խորհրդանիշը դարձած ու զոհաբերութեամբ իր արժանի տիտղոսին արժանացած, բոլորիս անզուգական աքելան՝ եղբայր Յակոբ Կարապետեանը»:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անունով ելոյթ ունեցաւ կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Խաչիկ Թազեանը: Ան նախ շնորհաւորեց Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մասնաճիւղի հիմնադրութեան քառասնամեակը եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նոր երդուեալ անդամները՝ շեշտելով մարզական եւ սկաուտական գործունէութեան նուիրումով եւ տիպար հայ երիտասարդի կերտման գործընթացով առաջնորդուած սոյն կազմակերպութիւններուն կարեւորութիւնը:
Խ. Թազեան, շարունակելով իր պատգամը՝ ըսաւ. «ՀՄԸՄ եւ ՀԵԴ, զուգահեռ երիտասարդական կազմակերպութիւններ են, որոնք այս շրջանին մէջ ունին առաւել եւս մէկ պարտականութիւն, որն է՝ հայեցի դաստիարակութիւնը: Մեզ նախորդող սերունդը հիմնականին մէջ զբաղեցաւ այս կազմակերպութիւններու հիմնադրումով՝ տալով անոնց շունչ եւ կեանք: Մեր սերունդը եւ յաջորդող սերունդները պէտք է յանդգնութիւնը ունենան ձեռնարկելու նոյնանման դժուարին գործերու, ի մտի ունենալով գաղութին ապագայի պէտքերը: Այս գործընթացը հաւանաբար պահանջէ դժուարին որոշումներ եւ քայլեր, սակայն մեր միասնական ուժով եւ հաւաքական կամքով պիտի կարենանք առնել հաստատ քայլեր՝ ամրապնդելով գաղութը եւ կազմակերպութիւնները»: