ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ Տամիէն Ապատ եւ Միշել Ռեւազի, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փորձագէտ Նիքոլաս Զիլպերկլայտի ու Հայ Դատի Եւրոպական կոմիտէի ղեկավար Հիլտա Չոպոյեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ուղեկցութեամբ, Հոկտեմբեր 29ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:
Լրագրողներու հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին Միշել Ռեւազի նշած է, որ Ղարաբաղ եւ Հայաստան իրենց այցելութիւնը կազմակերպուած է Եւրոպայի մէջ հայկական կազմակերպութեան կողմէ: «Մենք այստեղ տեսանք, որ իրավիճակը շատ փխրուն է: Եւրոպայէն շատ դժուար է իրավիճակին ճիշդ գնահատական տալը, քանի որ Հարաւային Կովկասը՝ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը, շատ հեռու են, հետեւաբար, ճիշդ գնահատական տալու համար կազմակերպեցինք այս այցը», ըսած է Ռեւազի, ապա պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Աստրախանի եռակողմ հանդիպումը՝ ան յայտնած է. «Հանդիպումները շատ կարեւոր են: Լուծում կարելի է գտնել այն պարագային, երբ անիկա կը գոհացնէ բոլոր կողմերը՝ Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Ռուսիան եւ ի հարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղը, որ պարտադրաբար պէտք է ներգրաւուի բանակցային գործընթացին մէջ: Սակայն ամենակարեւորը այն է, որ կողմերէն իւրաքանչիւրը քայլ առնէ: Հանդիպումներուն միջոցով կարելի է լուծում գտնել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.