ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ճէոփրոմայնինկ Կոլտ» ընկերութիւնը, որ մաս կը կազմէ «Ճէոփրոմայնինկ» խումբին եւ Հայաստանի մէջ կը շահագործէ Սոթքի ոսկիի հանքավայրն ու Արարատի ոսկիի վերամշակման գործարանը, կը նախատեսէ կիրառել ոսկիի կորզման եւ վերամշակման նորագոյն գիտարուեստներ:
«Ճէոփրոմայնինկ» խումբի նախագահ Ռոման Խուտոլի, Հոկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, թէ Արարատի ոսկիի վերամշակման գործարանին մէջ կը ներդրուի «Ալպիոն» գիտարուեստը, որով գործող գործարան չկայ տակաւին աշխարհին մէջ: Առաջինը կը կառուցուի Տոմինիքեան հանրապետութեան մէջ, իսկ երկրորդը՝ Հայաստանի: Սոյն նոր արուեստագիտութեան առաւելութիւնը այն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ մետաղ կորզելու որեւէ ծանր հանքաքարէ: Իսկ Սոթքի ոսկիի հանքավայրին մէջ նման ծանր հանքաքարերը բարձր տոկոս կը կազմեն, հետեւաբար, «Ալպիոն»ը հնարաւորութիւն պիտի տայ էապէս բարձրացնելու հանքավայրի օգտագործման արդիւնաւէտութիւնը:
Ռ. Խուտոլի յայտնած է, որ Սոթքի հանքավայրին մէջ ոսկիի պաշարները գնահատուած են 5 միլիոն աունզ: Հանքավայրը կը շահագործուի ե՛ւ բաց, ե՛ւ փակ եղանակով:
Ծրագիրին ծիրէն ներս ընդհանուր ներդրումները, ըստ Խուտոլիի, կը կազմեն շուրջ 100 միլիոն տոլար: Կը նախատեսուի Արարատի գործարանը գործարկել 2013ին: Այնտեղ արտադրուող ոսկիի սալիկները այնուհետեւ պիտի վերամշակուին Գանատայի մէջ, ուրկէ դուրս պիտի գան համաշխարհային շուկայ: Ծրագիրին հեղինակները կը վստահեցնեն, թէ նոր գիտարուեստներու կիրառման հետեւանքով, բնապահպանական որեւէ վտանգ չի սպասուիր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.