ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 29ին ընդունած է Մոնթրէալի քաղաքապետ Ժերալ Թրեմպլէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ու անոնց հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած, թէ գնահատելի է հայ-գանատական յարաբերութիւններուն մէջ ձեւաւորուած մակարդակը։
«Խորապէս շահագրգռուած ենք այդ յարաբերութիւնների զարգացմամբ ու համագործակցութեամբ: Համաշխարհային տնտեսութեան մէջ Գանատայի ձեռբքերումներն զգալի են, եւ Հայաստանը տարբեր ոլորտներում Ձեր երկրի հետ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններ ու մեծ ներուժ է տեսնում», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Մոնթրէալի բոլոր ժամանակներու իշխանութիւններուն, այնտեղ բնակութիւն հաստատած հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար:
Մոնթրէալի քաղաքապետը բարձր գնահատած է հայ համայնքին դերը՝ ե՛ւ Երեւանի ու Մոնթրէալի, ե՛ւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, պատրաստակամութիւն յայտնելով գանատահայերուն հետ միասնաբար ջանքեր գործադրելու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ:
Կողմերը կարեւոր համարած են նաեւ 2011ին Երեւանի մէջ Ֆրանքոֆոն քաղաքներու 31րդ համաժողովին իրականացումը:
Նշենք, որ Մոնթրէալի քաղաքապետը նոյն օրը հիւրընկալուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ։ Վերջինս նոյնպէս կարեւոր համարած է երկու քաղաքներուն միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները։
Զրուցակիցները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ: Մասնաւորապէս, կարեւոր համարուած է աղբահանութեան, ձիւնի մաքրութեան աշխատանքներուն եւ փոխադրական միջոցներու արդիւնաւէտ կազմակերպման Մոնթրէալի քաղաքապետարանի փորձի կիրառումը, եւ վերջինիս աջակցութեամբ՝ Երեւանի մէջ բնապահպանական կեդրոնի ստեղծումը՝ Մոնթրէալի Սեն Միշելի բնապահպանական կեդրոնին օրինակով: Իբրեւ գործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւններ, անհրաժեշտ համարուած է կրօնական եւ մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութեամբ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.