ԹԵՀՐԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 25-26ին, Հայաստանի վարչապետին Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է կրթութեան, գիտութեան եւ գիտարուեստներու բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան մասին 2010-2013 տարիներուն համար գործնական ծրագիր՝ ի դէմս Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ գիտարուեստներու նախարար Քամրան Տանեշջուի:
Նշենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը սկիզբ առած է 2001ին, համապատասխան փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեամբ, իսկ մինչեւ 2008, երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած է այլ 2 յուշագիրներ: 2010ին կողմերը համաձայնած են, որ կրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով, ապահովել կրթական համակարգերու վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակում, որ կը վերաբերի կրթական եւ գիտական հաստատութիւններուն եւ ընթացող գործընթացներուն: Բացի ատկէ, կողմերը պիտի աջակցին երկու երկիրներու համալսարաններու ուղղակի կապերու հաստատման, պիտի կազմակերպեն բարձրագոյն, մասնագիտական եւ յետհամալսարանական կրթութեան վերաբերեալ ուսումնական ծրագիրներու փոխանակում, ինչպէս նաեւ պիտի իրականացնեն համատեղ կրթական ծրագիրներու մշակում եւ գործադրում: Գործնական ծրագիրին ծիրէն ներս, կողմերը պիտի իրականացնեն նաեւ կրթաթոշակներու ամէնամեայ փոխանակում. Հայաստանը իրանական կողմին պիտի յատկացնէ 5 «ասփիրանթական» տեղեր, իսկ Իրանը՝ 2 «պաքալորիական», 2 «մագիստրոսական» եւ 2 «ասփիրանթական» տեղեր:
Գործնական սոյն ծրագիրին ստորագրումով, կողմերը պիտի նպաստեն իրարու լեզուի, գրականութեան, պատմամշակութային, հոգեւոր ժառանգութեան եւ քաղաքակրթութեան ուսուցման, ինչպէս նաեւ՝ իրենց բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ համապատասխան հետազօտական կեդրոններու ստեղծման. անոնք պիտի աջակցին ձեռնարկներու եւ դասագիրքերու փոխանակման:
Ծրագիրին ստորագրումով, քայլերու պիտի ձեռնարկուին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ իսլամագիտութեան ամպիոն եւ Իրանի որեւէ համալսարանի մէջ հայագիտութեան ամպիոն մը հիմնադրելու ուղղութեամբ: Նաեւ, կողմերը պիտի նպաստեն ՀՀի մէջ իրանագիտական եւ ԻԻՀի մէջ հայագիտական նիւթերը դասաւանդող դասախօսներու վերապատրաստման ծրագիրներու իրականացման եւ ընդլայնման:
Գիտական համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման նպատակով, կողմերը պիտի աջակցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հետազօտական նախագիծերու, հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն իրենց երկիրներու կրթական եւ գիտական հանդէսներուն մէջ յօդուածներու հրապարակման ուղղութեամբ, պիտի խրախուսեն համատեղ ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու հրատարակման ու միացեալ գիտաժողովներու իրականացման:
Կողմերը նաեւ համաձայնած են Հայաստանի համալսարաններու գիտական մակարդակը ուսումնասիրելու նպատակով մօտ ապագային Հայաստան գործուղել Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ գիտարուեստներու պատուիրակութիւնը, որպէսզի մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը, իրանական կողմը քայլերու ձեռնարկէ Հայաստանի որոշ համալսարաններու վկայականները ճանչնալու ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.