ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւատեան, Նոյեմբեր 1-2 օրերուն պիտի այցելէ Ֆրանքֆուրթ՝ մասնակցելու համար գերմանա-հայկական հիմնադրամի դիտորդ խորհուրդին հերթական նիստին:
Նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին «KfW» դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուող վարկային ծրագիրներու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ նոր վարկային ծրագիրներ սկսելու հնարաւորութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.