
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ դատախազութեան կողմէ պատրաստուած «Էրկենեքոն 2»ի ամբաստանագիրին մէջ տեղ գտած են ամբաստանեալ Էրհան Քեսքինի այն խոստովանութիւնները, թէ ազգայնամոլներու ընդյատակեայ ահաբեկչական «Էրկենեքոն» կազմակերպութիւնը ժամանակին գործակալներ ուղարկած է Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճան։
Հիւանդանոցի մը մէջ դարմանուող հանգստեան կոչուած թուրք զօրավար եւ «Էրկենեքոն»ի հարցով ձերբակալուած Լեւենթ Էրսէօզի դէմ մահափորձ ծրագրելու մեղադրանքով 2009ին ձերբակալուած Էրհան Քեսքին խոստովանած է իր յանցանքը եւ յայտարարած, թէ այդ մահափորձը գործադրելու համար զինք գործուղած էր հանգստեան կոչուած ենթասպայ Սետաթ Տինչերը։
Բացի ատկէ, Քեսքինը յայտարարած է, որ քանի մը այլ անձերու հետ ինք գործուղուած է նաեւ Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճան՝ տեղեկութիւն հաւաքելու համար։
«Ենթասպայ Սետաթ Տինչերի հետ գացած էին Տիարպեքիր, ուր ան զիս ծանօթացուց Ճիմշիթ Աքսուի եւ անոր եղբօր՝ Ռըտուանի հետ։ Տինչերի կ՛ուղղեկցէր Քէօքսել Քարապայ անունով զօրավար մը։ Տիարպեքիրի մէջ Անուշ անունով անձնաւորութեան մը կողմէ հայերէնի դասեր ստանալէ ետք, յատուկ հրահանգով տեղեկութիւն հաւաքելու նպատակով մեզի գործուղեցին Երեւան, Պաքու եւ Լեռնային Ղարաբաղ», յայտնած է Քեսքին՝ չմանրամասնելով, թէ ի՛նչ տեղեկութեան մասին է խօսքը։