
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ հրապարակած է իր երկրորդ միջանկեալ զեկոյցը՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող նախընտրական քարոզարշաւին մասին։ Առաքելութիւնը անհիմն կը համարէ շարք մը ընդդիմադիր թեկնածուներու արձանագրութեան մերժումը՝ ստորագրութիւններու կեղծ ըլլալու պատճառաբանութեամբ:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ առաքելութիւնը ստացած է ստոյգ տեղեկութիւններ՝ ընտրողներու վրայ ճնշումներ գործադրելու ու զանոնք վախցնելու կապակցութեամբ, որպէսզի անոնք կարգ մը թեկնածուներու համար իրենց տուած ստորագրութիւնները ետ քաշեն։ Եղած են նաեւ ուղղակի ճնշումներ թէ՛ թեկնածուներու եւ թէ անոնց ներկայացուցիչներուն ու բարեկամներուն նկատմամբ։
Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ ոստիկանութեան կողմէ խոչընդոտներ ստեղծուած են որոշ ընդդիմադիր թեկնածուներու քարոզարշաւը իրականացնելու համար։ Տեղւոյն լրատուամիջոցները լայնօրէն կը լուսաբանեն իշխանութիւններու գործունէութիւնը, իսկ ընդդիմութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւնները շատ սահմանափակ են։ Պետական պատկերասփիւռի կայանով տեսանիւթերուն մէջ իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կը ներկայացուի միայն դրական, իսկ ընդդիմութեան գործունէութիւնը՝ միայն բացասական լոյսի տակ։ Ընդդիմութեան ղեկավարները կը ներկայացուին իբրեւ ազգային դաւաճաններ, որոնք պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղը զիջիլ Հայաստանին։
Զեկոյցին համաձայն, գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ընտրողներու վրայ բանեցուած ճնշումները կասկածի տակ կը դնեն ընտրական յանձնախումբերու անկախութիւնը։
Ազատ հաւաքներ կատարելու մասին հատուածին մէջ նշուած է, որ իշխանութիւնները չեն բաւարարած ընդդիմադիրներուն կողմէ ներկայացուած՝ ընտրողներուն հետ բացօթեայ հանդիպումներ կատարելու համար վայրեր յատկացնելու պահանջքը։ Նաեւ, իշխանութիւնները չեն արտօնած ընդդիմութեան միակ դաշինքին, որ Հոկտեմբեր 17ին հանրահաւաք մը կազմակերպէ։
ՆԱԵՒ «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»ԷՆ
Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը Ատրպէյճանի մասին յօդուածով մը անդրադարձած է մէկ կողմէ բնակչութեան մեծամասնութեան աղէտալի վիճակին, իսկ միւս կողմէ՝ իշխանութիւններուն յղացած կեանքին։
Յօդուածի հեղինակ Քեթլին Քինկսպըրի կը գրէ. «Իլհամ Ալիեւի գլխաւորած իշխանութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ յաճախ քննադատութեան կ՛ենթարկուի, Մարդկային իրաւանց բնագաւառին մէջ գոյութիւն ունեցող աղէտալի վիճակին համար։ Երկրին մէջ փաստացիօրէն կը բացակայի մամլոյ ազատութիւնը։ Պահպանողական ընկերային արժեչափերը հնարաւորութիւն չեն տար կանանց, որ յատկանշական դերակատարութիւն ունենան հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ։ Պաքուի մէջ ունեւորներու եւ աղքատ խաւի միջեւ անջրպետը տարուէ տարի ա՛լ աւելի կը խորանայ: Պաքուի մէջ զեղծարարութիւնը կը զգացուի ամէն քայլափոխի. Պաքու ժամանող հիւրերը կը բողոքեն, որ իրենց ինքնաշարժները ոստիկանութեան կողմէ յաճախակի կերպով կը կանգնեցուին»։