ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» ամերիկահայութեան ծառայելու կոչուած օրաթերթ է, սակայն կը խոստովանիմ, որ ամերիկեան տեղական քաղաքականութեան հանդէպ մեր ուշադրութիւնը շատ հեռու է բաւարարելէ իր ապրած միջավայրի հասարակական, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումներուն հետեւելու հետաքրքրութիւնը ունեցող ընթերցողը:
Հայաստանեան ու հայ աշխարհի մասին լայն լրատուութիւնը թերթի հիմնական առանցքը դարձնելն ու այդքանով բաւարարուիլը ճիշդ չէ, կ՛ընդունինք: Սակայն, տեղական քաղաքականութեան մէջ մխրճուիլն ալ ունի իր վտանգները՝ մեզ բոլորովին այլ խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու առջեւ դնելով:
Օրինակ, տեղական քաղաքականութեան մէջ խորանալով՝ մենք պարտաւորուած պիտի ըլլանք մեր կողմնորոշումներուն մէջ ղեկավարուելու կուսակցական-գաղափարական սկզբունքներու հիման վրայ, որոնք կրնան ընդունելի ըլլալ մեր ընթերցողներու մէկ մասին համար, սակայն բացարձակապէս անընդունելի կամ վիճելի՝ մնացեալներուն համար:
Նկատի ունենալով, որ մենք քաղաքական հարցերը կը դիտենք առաջին հերթին ազգային մեր նպատակներու ու ծրագիրներու տեսանկիւնէն, նաեւ նկատի ունենալով, որ այդ նպատակներուն ու ծրագիրներուն իրագործման ճամբուն վրայ կը ջանանք համազգային միացեալ կեցուածք գոյացնել, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մենք մեզ հեռու կը պահենք ամերիկեան տեղական սուր խնդիրներուն հանդէպ դիրք ճշդելէ, որպէսզի չկորսնցնենք այդ հարցերուն վերաբերեալ խոր համոզումներ ունեցող մեր ազգակիցներուն աջակցութիւնը:
Ճի՞շդ է այս մօտեցումը, թէ միայն նպատակայարմարութեան տեսակէտէն արդարացուած: Ընտրական կրքոտ մթնոլորտին մէջ, զոր ապրեցաւ Ամերիկան այս օրերուն, եւ որուն արդիւնքները դեռեւս նոր կիրքեր պիտի հրահրեն, այս հարցը կը ներկայացնենք ձեր քննարկման: Գրեցէք մեզի ձեր կարծիքը: