ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- Համաձայն Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթականութեան պետական ծառայութեան տուեալներուն, Հայաստան ժամանած եւ Հայաստանէն մեկնած անձանց թիւը 2010 Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն եղած է 1 միլիոն 257,500 եւ 1 միլիոն 322,400 մարդ:
Այս տարի, նախորդ տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն համեմատ, 18.1 հազարով աւելցած է գաղթականութեան չափանիշը, արդարեւ, մեկնածներուն թիւը գերազանցած է ժամանածներու թիւին: Տոկոսային յարաբերակցութեամբ, անիկա աւելցած է 38.7 տոկոսով:
Նոյն տուեալներուն համաձայն, աճած են նաեւ ուղեւորահոսքերուն ծաւալները՝ 423.3 հազար մարդով (19.6 տոկոսով):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.