«Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը բաւարարած է կիպրացի յոյն գործարար Քոնսթանթինոս Լորտոսի կողմէ թրքական իշխանութիւններուն դէմ ներկայացուած հայցը, եւ Անգարայէն պահանջած է 200 միլիոն եուրոյի վնասուց հատուցում վճարել գործարարին։
Լորտոս ու անոր 12 ընկերները հայցը ներկայացուցած էին քսան տարի առաջ։ Կիպրացի յոյներու ներկայացուցած դիմումին մէջ կը նշուէր, որ 1974ին Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի թրքական բռնագրաւումէն ետք, իրենք չեն կրցած օգտագործել այդտեղ գտնուող եւ իրենց պատկանող շուրջ 150 անշարժ գոյք։
Կիպրական մամուլին համաձայն, Քոնսթանթինոս Լորտոսի ընտանիքը Կիպրոսի ամէնէն հարուստ ընտանիքն է։ Թրքական բռնագրաւումէն ետք, Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ մնացած են Լորտոսներուն պատկանող տասնեակ պանդոկներ ու առանձնատուներ, զորս անոնք չեն կրնար օգտագործել, ինչի համար ալ, անոնք իբրեւ փոխհատուցում կը պահանջէին 315 միլիոն եուրօ։ Նշենք, որ քանի մը օր առաջ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը պահանջած էր Թուրքիայէն, որ 13 միլիոն եուրոյի վնասուց հատուցում վճարէ 19 կիպրացի յոյներու, որոնք նման դատ մը բացած էին Անգարայի դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.