Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Փորհարութիւնը (diarrhea) կղկղանքի (stool, feces) կազմութեան փոփոխութիւնն է դէպի հեղուկային վիճակ եւ կղկղանցումի յաճախականութիւնն է: Բնական պայմաններու մէջ բոլորս օրական կ՛ունենանք երեք կղկղանցում: Երեքէ աւելին կը նկատուի փորհարութիւն:
Կղկղանքը բնականօրէն կը կազմուի 60-90 առ հարիւր համեմատութեամբ ջուրէ իսկ մնացեալը՝ սննդանիւթերու չմարսուած մնացորդաց թափօններէ (waist products) եւ ան կ՛ունենայ թանձր բաղադրութիւն մը: Չափահաս անձ մը բնական պայմաններու մէջ օրական կ՛արտադրէ մօտաւորապէս 300 կրամ կղկղանք, համաձայն անոր սպառած սննդանիւթերուն, ի մասնաւորի՝ ածխաջրատներուն (carbohydrates): Փորհարութիւն տեղի կ՛ունենայ երբ կղկղանքի ջուրի պարունակութիւնը վերոյիշեալ համեմատութենէն աւելի ըլլայ:
Բնական պայմաններու մէջ մեր կերած սննդանիւթերը ստամոքսին կողմէ արտադրուած ջրահեղուկներուն հետ խառնուելով կը վերածուին կակուղ եւ հեղուկային խառնուրդի մը եւ ապա ստամոքսի եւ բարակ աղիքներու մէջ տեղի կ՛ունենայ մարսողութիւնը: Չմարսուած նիւթերը ջուրով միասին եւ հեղուկ վիճակի մէջ կը հասնին հաստ աղիք. հոս ջուրը մեծամասնութեամբ կը ներծծուի (absorb) աղեպատէն, իսկ մնացեալ աւելորդ թափօնները կը վերածուին թանձր կղկղանքի: Ստամոքսի առատ ջուրի արտադրութեամբ՝ հաստ աղիք կը հասնի բնականէն աւելի մեծ քանակութեամբ ջուր պարունակող չմարսուած հեղուկային խառնուրդը. հոս ջուրի ամբողջական ներծծումը (absorbtion) տեղի չունենար եւ հետեւաբար չներծծուած ջուրը աւելորդ թափօններուն հետ կը կազմեն կակուղ-հեղուկային կղկղանքը ու տեղի կ՝ունենայ փորհարութիւնը:
Հաստ աղիքի մէջ գտնուող կարգ մը ժահրեր (virus) եւ ցպիկներ (bacteria) կը ներգործեն անոր պատերուն վրայ ու կը յառաջացնեն տեղայնական բորբոքում, որուն պատճառով ջուրի ներծծումը դարձեալ ամբողջական չըլլար եւ մնացեալ չներծծուած ջուրը աւելորդ թափօններուն հետ կը կազմեն կակուղ-հեղուկային կղկղանքը ու այս ձեւով կը յառաջայ փորհարութիւնը:
Փորհարութիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ շատ մը հիւանդութիւններու պատճարով յառաջացած ախտանշան մը: Անոր պատճառները այլազան են.
1. Ստամոքսային եւ աղիքային սուր-կարճատեւ կամ մնայուն-երկարատեւ ժահրային ու ցպկային բորբոքումներ.-
ա. Typhoid fever. անիկա աղիքներու ցպկային տենդ-բորբոքում մըն է, որուն յետեւանքով աղեպատի մակերեսը կը վնասուի, խոցեր կը յառաջանան եւ նոյնիսկ ծակեր կրնան ստեղծուիլ: Անոր կարեւոր ախտանշաններէն են՝ փորի ցաւ, ջերմ, գլխու ցաւ, փորհարութիւն եւ երբեմն մորթային կարմրագոյն ցանց (rash):
բ. Dysentery. անիկա աղիքներու ցպկային վարակիչ բորբոքում մըն է, որ կը յատկանշուի փսխունքով, ջերմով, նողկանքով եւ արիւնոտ փորհարութեամբ:
գ. Cholera. անիկա ցպկային սուր վարակիչ հիւանդութիւն մըն է. անոր բնորոշիչ ախտանշաններն են՝ անզուսպ փսխունք եւ ջրիկ փորհարութիւն.
դ. E. Coli ցպիկներու աղիքային բորբոքում, որ ընդհանրապէս կը պատահի ոչ առողջապահական ջուրի գործածութեամբ՝ ճամբորդութեան ընթացքին եւ այդ իսկ պատճառով փորհարութիւնը, որ կը պատահի կը կոչուի Ճամբորդութեան փորհարութիւն (travelers diarrhea):
Ժահրային եւ ցպկային բորբոքումները կը յառաջացնեն ընդհանրապէս սուր-անակնկալ փորհարութիւն, որ կը պատահի նողկանքով, փսխունքով, որովայնափուքով (borborigma) եւ փորի ցաւով: Ժահրային բորբոքումի պարագային փորհարութիւնը կը յայտնուի անարիւն կղկղանքով, իսկ ցպկային բորբոքումի պարագային արիւնոտ կամ անարիւն կղկղանքով:
2. Յօռի սննդականոն՝ մեծ քանակութեամբ cafeine, fructose, sucrose եւ lactose պարունակող սննդանիւթերու սպառում:
Cafeine-ը կը գտնուի առաւելաբար սուրճի, թէյի եւ գլխացաւի որոշ դեղերու մէջ.
Fructose-ը կը գտնուի խնձորի, տանձի, խաղողի, արմաւի եւ թուզի մէջ.
Lactose-ը կը գտնուի կաթի, պաղպաղակի, մածունի եւ պանիրի մէջ.
Sucrose-ը կը գտնուի պարզ շաքարին մէջ.
3. Ածխաջրատներու եւ ճարպի յօռի մարսողութիւն-ներծծում (malabsorbtion).
4. Հաստ աղիքի կարգ մը հիւանդութիւններ.-
ա. Հաստ աղիքի պռկուածութիւն (Spastic colon).
բ. æղագրգիռ-դիւրագրգիռ հաստ աղիք (irritable bowel syndrome) որ կը յատկանշուի զօրաւոր եւ մնայուն խիթերով.
գ. Crohns disease. անիկա բարակ աղիքներու վերջաւորութեան եւ հաստ աղիքի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի փորի ցաւով, փորհարութեամբ, ախորժակի կորուստով եւ ջերմով:
դ. Հաստ աղիքի խոցային բորբոքում (ulcerative colitis). անիկա հաստ աղիքի երկարատեւ-մնայուն բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի աղեպատի խոցաւորումով, արիւնոտ փորհարութեամբ եւ մարմնական այլ ախտանշաններով, օրինակ՝ ընդհանուր յօդացաւ:
5. Որոշ դեղերու գործածութիւն եւ դարմանամիջոցներ.-
ա. Magnesium պարունակող մարսողական դեղեր.
բ. Հակամանրէական եւ հակախլիրդային դեղեր.
գ.Ք ճառագայթային դարմանում.
դ. Colchicin, որ կը գործածուի իբրեւ ցաւազրկող Gout յօդատապի պարագային.
է. Լծողականներ, որոնք բարակ աղիքներու պատերէն չեն ներծծուիր եւ հոն մնալով կը ներգրաւեն աղիքներու մէջ գտնուած ջուրը.
6. Ստամոքսի եւ աղիքներու մասնակի հատում (resection), որ պատճառ կը դառնայ սննդանիւթերու ոչ-ամբողջական ներծծումին.
7. Թունաւորում՝ մասնաւորապէս կերակուրի թունաւորում, որ հետեւանքն է որոշ ցպիկներու գոյութեան.
8. Կարգ մը գեղձային ուռեր, օրինակ՝ գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism).
Փորհարութիւնը կրնայ ըլլալ սուր-անակնկալ-կարճատեւ կամ մնայուն-երկարատեւ: Երկուքի պարագային ալ փորհարութիւնը կրնայ ըլլալ մեղմ կամ զօրաւոր:
Սուր փորհարութիւն կը կոչուի այն փորհարութիւնը որ կը տեւէ 1-4 օր. ան ընդհանրապէս հետեւանքն է աղիքներու ժահրային բորբոքումին եւ կամ որոշ թունաւորումի մը:
Չորս օրերէ աւելի տեւող փորհարութիւնը կը կոչուի մնայուն-երկարատեւ փորհարութիւն, որ կրնայ յառաջանալ զանազան պատճառներով, ի մասնաւորի՝ հաստ աղիքի ջղագրգռութիւն, ցպկային բորբոքումներ, խլիրդ, շաքարի եւ ճարպի ներծծման անկարողութիւն, վահանագեղձի գերաշխատանք եւ լծողականներու չափազանց գործածութիւն:
Սուր-կարճատեւ եւ երկարատեւ-մնայուն փորհարութիւնը կրնայ յառաջացնել կարգ մը բարդութիւններ: Այս բարդութիւնները կը յառաջանան ջուրի եւ մասնաւորաբար նատրիումի (Na-sodium) ու կալիումի (K-potasseum) անբնական կորուստէն, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ ջրանուազում (dehydration) եւ անօթային փլուզում (vascular collapse), որ շատ արագօրէն կրնայ պատահիլ մանուկներու, տարեցներու, ֆիզքապէս տկարներու եւ cholera հիւանդութենէ տառապող անձերու մօտ: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք ենթական կ՛ունենայ տժգունութիւն, մորթի չորութիւն, ջերմ, զարկերակային ճնշումի նուազում եւ նուաղում:
Փորհարութեան հիմնական հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի՝
1. Լսելով հիւանդին պատմականը.
2. Մարմնական ընդհանուր քննութեամբ.
3. Ուղիղ աղիքի-նախաղիքի (rectal) մատնային քննութեամբ.
4. Կղկղանքի եւ արեան քննութիւններով.
5. Հաստ աղիքի դիտակումով (colonoscopy).
6. Որոշ պարագաներուն՝ գերվահանագեղձութեան, աւշագեղձերու, եւ AIDS-ի քննութիւններով.
Անակնկալ-կարճատեւ փորհարութեան ախտաճանաչումը ընդհանրապէս դիւրին է եւ ոչ մէկ տարրալուծարանային քննութիւններու կը կարօտի, բացի եթէ հիւանդը ունի նաեւ բարդութիւններու ախտանշանները, որոնց համար պէտք է կատարուին կղկղանքի, արեան եւ մեզի յատուկ տարրալուծարանային քննութիւններ:
Անակնկալ-կարճատեւ փորհարութեան դարմանումը կը կարօտի առատ հեղուկի եւ բաւականաչափ նատրիումի ու կալլիումի ներարկումի: Փորհարութիւնը կարելի է մեղմացնել տալով որոշ դեղեր, որոնք՝
1. Հաստ աղիքին մէջ հեղուկի ներծծման կ՛օգնեն.
2. Աղիքներու շարժումները կը դանդաղեցնեն.
3. Հակամանրէական են.
Երկարատեւ-մնայուն փորհարութեան ախտաճանաչումին համար կատարուին՝ կղկղանքի, արեան եւ մեզի տարրալուծարանային քննութիւններ ինչպէս նաեւ այլ քննութիւններ: Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ տալով առատ ջուր, բաւականաչափ նատրիում եւ կալլիում ինչպէս նաեւ դարմանելով անոր հիմնական ախտապատճառը:
Տեղին է յիշել, որ մանուկները բնականաբար օրական կ՛ունենան 4-6 կակուղ կղկղանցում: Անոնց փորհարութիւնը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ սուր-անակնկալ եւ կարճատեւ ու ժահրային բորբոքումի մը հետեւանքով: Փորհարութեան հետ միատեղ անոնք ընդհանրապէս կ՛ունենան նաեւ ականջի, կոկորդի եւ թոքերու բորբոքումներ: Մանուկներու մօտ երկարատեւ-մնայուն փորհարութիւնը ընդհանրապէս հետեւանքն է կարգ մը ընդոծին հիւանդութիւններու, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
1. Cystic fibrosis. այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի շարոյրի անբաւարար trypsin-ի եւ lipase-ի արտադրութեամբ, որուն հետեւանքով տեղի կ՛ունենայ ճարպի առատ կորուստ կղկղանքի մէջ, յօռի սննդառութիւն, աճման դանդաղում, փորհարութիւն՝ ծաւալուն եւ գէշ բուրող կղկղանքով:
2. Celiac disease. այս հիւանդութեան պարագային ցորենի glutein-ը կը վնասէ աղիքներու մակերեսին եւ կը յառաջացնէ ճարպերու յօռի ներծծում, յօռի սննդառութիւն, փորհարութիւն՝ ծաւալուն եւ գէշ բուրող կղկղանքով:
Փորհարութենէ տառապող անձը բժիշկին պէտք է դիմէ, երբ ունի նաեւ հետեւեալները.
1. Բարձր ջերմութիւն.
2. Անակնկալ եւ ուժեղ փորի ցաւ.
3. Արիւնոտ կղկղանք.
4. æրանուազումի նշաններ.
5. 48 ժամէ աւելի տեւողութեամբ զօրաւոր փսխունք.
6. Մարմնական-մկանային ցնցումներ.
7. Յղութիւն: