ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդու դիմադրողականութիւնը տարբեր է ուրիշի մարմնի դիմադրողականութենէն: Այսպէս, մէկը երիտասարդ տարիքին սրտի կաթուած կ՛ունենայ ու կը մահանայ ծխելէն, իսկ ուրիշը, որ նոյնքան ու աւելի «նուիրուած» ծխող է, կ՛ապրի մինչեւ իր իննըսունականներուն վերջին տարիները: Ճանչցայ այդպիսի մէկը, որ 96 տարեկան հասակին, կը ծխէր ամէնէն խիտ տերեւներով լեցուն, ու իր ձեռքով փաթթուած ծխախոտը, որ ծայրին նիքոթինի զտիչ բամպակ ալ չունէր…:
Մարմնի «դիմադրողականութեան տարբերութիւն»ը կարելի է կոչել այս երեւոյթը, որ մեծապէս կը տարբերի մարդէ մարդ:
Չարքաշ բնաւորութեան տէր մարդիկն ալ, կը տարբերին աւելի «»բխրուն» նկարագրով մարդոցմէ: Ոմանք, չնայած իրենց վտիտ մարմնին, ջղուտ կազմ կ՛ունենան, ու կրնան երկար դիմանալ ձեռային յոգնեցուցիչ աշխատանքի, եւ մինչեւ իսկ իրենց անձը տաժանակիր գործի կը լծեն գիշերներ լուսցնելով, յաւելեալ ապրուստ վաստկելու համար: Մինչ, անդին նոյն տարիքի մարդիկ շուկայէն գնուած պտուղներու տոպրակն անգամ ծանր նկատելով, չեն կրնար շալկել ու տուն հանել, եւ գիշեր չեղած կը սպառին ու հազիւ իրենց անկողնին տեղը կը գտնեն:
Այս ալ դիմադրողականութեան տարբերութենէն յառաջ կու գայ, որ դարձեալ, տարբեր մարդոց մօտ տարբեր չափերով կը յայտնուի:
Նոյն դիմադրողականութիւնը նաեւ կը տարբերի հալածանքներու ժամանակ: Ոմանց ջղային դրութիւնը այնքան զգայուն կ՛ըլլայ, որ նուազագոյն նեղութիւնը, կը խանգարէ իրենց հանգիստը, ու վրդովուած այդ կացութենէն, անհակակշռելի արարքներ կը գործեն: Այսպէս, օրինակ պատերազմական բռնկումի պարագային, քաղաքին մէջ ծայր առած իրարանցումը ոմանք կրնան զօրաւոր դիմադրողականութեամբ հակակշռի տակ առնել, շփոթը փարատել շրջապատէն, մարդոց ուղղութիւն տալ, տագնապահարներուն օժանդակել, վիրաւորներ հիւանդանոց տեղափոխել, եւայլն, մինչ, անդին նոյն տարիքի եւ կազմուածքի մարդիկ հազիւ իրենց կաշին փրկելու չափ կամք կը ցուցաբերեն, ու վախի ազդեցութեան տակ, իրենց եղած տեղը գամուած կը մնան:
Դիմադրողական կարողութեան տարբերութիւնը մարդոց միջեւ դարձեալ զգալի կը դառնայ, ո՛չ թէ անպայման պատերազմի ընթացքին, այլ խաղաղ պայմաններու տակ եւս: Այսպէս, սովորական կեանքի ընթացքին, երբ ոմանք հալածուին իրենց շրջապատէն՝ բարեկամներէ, գործընկերներէ, նախանձողներէ թէ շողոքորթներէ, չեն դիմանար եւ յուսահատութեան մէջ կ՛իյնան որ զիրենք կ՛օրօրէ խորթ մօր պէս, որուն սիրտէն ո՛չ ոք կրնայ հանել իր օրօրած երեխային օտար ըլլալուն զգացումը: Նոյն այդ յուսահատութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ անձը վճռական, բայց սխա՛լ որոշումներ առնէ իր կեանքին գծով, մինչեւ իսկ անձնասպանութիւն գործէ ու վերջ տայ Աստուծոյ պարգեւին: Իսկ ուրիշներ տոկուն կամքով կը դիմադրեն, իւրաքանչիւր մօրուքի տարբեր սանտր գործածելով, ու առողջ դիմադրողականութեամբ կը պայքարին մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Դիմադրողականութեան պակասը, նաեւ գործի դանդաղութիւն ու անկանոնութիւն յառաջ կը բերէ: Անկէ բխող յուսահատութիւնը, զօրաւոր այն ոյժն է, որ կրնայ ամլութեան մատնել ամէնէն բեղուն արգանդը, ու խափանել շինիչ ծրագիրներու հոսքը: Նոյն յուսահատութիւնը պատճառ կը դառնայ լքուածութեան զգացումին, որ սովորական որբութենէն անդին վիճակ է, հայրակորոյս կամ մայրակորոյս տղուն զգացումէն շատ աւելի խոր ու անհամեմատելիօրէն աւելի խոցող:
Նման կացութիւններու մէջ գտնուող մարդուն համար, այս աշխարհի չափանիշներով ամուր ճիւղեր չկան, որոնց կառչելով դուրս գայ յորձանուտէն: Հոսանքը իր թափով այնքան ուժգին է, որ նոյնիսկ հաստաբուն ծառեր կրնայ գետամոյն ընել, յում պէտս վատնելով անոնց վրայի առատ բերքը: Անշուշտ գետի երկու ափերուն չեն պակսիր նկարագրով վատ մարդիկ, որոնք սղոց ու բրիչ ի ձեռին, կ՛օգնեն գետին, արմատախիլ ընելու ծառը, եւ նոյնիսկ գետը զայն տարած պահուն, հեռուէն կը քարկոծեն, գէթ քանի մը պտուղ եւս ձգելու համար անոր վրայէն:
Սակայն, նոյն այդ հոսանքին մէջ կայ լայնանիստ Ժայռը, որուն վրայէն անհաշիւ դարեր եկեր ու անցեր են ակնթարթի մէջ, որուն վրայէն սահեր ու անցեր են աշխարհի դիմագիծը փոխելու յաւակնութիւնը ունեցած շա՜տ գետեր, որոնց թողած տիղմը դեռ թաց է գետի ափունքին.
_ Այդ ժայռը Ի՛նք է՝ Քրիստոս:
Ինչքա՜ն ցեխ կայ աշխարհի մէջ, երբեմն մարդոց դէմքերը ծածկած, որոնց տակէն հազիւ նշմարելի կը դառնան մթնած աչքերը, երբ Քրիստոսի լոյսով չե՛ն լուսաւորուած, ու Անոր պարգեւած զօրութեամբ չե՛ն բացուած, տեսնելու համար բարին, ճշմարիտը ու արդարը: Նոյնիսկ աշխարհը փոխել յաւակնող ահեղավազ գետերը չեն կրնար լուալ այդ ցեխը անոնց երեսէն, երբ անոնք չունին հաւատք Աղբիւրին նկատմամբ, որուն ջուրը միայն լուալով մաքրելու յատկութեամբ չէ՛ օժտուած, այլ՝ սրբագործելու:
Հաւատացեալ մարդուն, ու Քրիստոսէ հեռու եղողին տարբերութիւնը ճիշդ այս կէտին մէջ կը կայանայ:
Կեանքի ընթացքին զանազան նեղութիւններ կրած Պօղոս առաքեալ, Փիլիպպեցիներուն նամակին մէջ, իր դիմադրողականութեան աղբիւրը կը յիշէ, հակառակ անոր, որ մարդկայնօրէն անտանելի տառապանքներու ենթարկուած ու մարմնով տկարացած էր: Ամէն տեսակ դժուարութեան վարժուեցայ, կ՛ըսէ ան, թէ՛ անօթութեան, թէ՛ աղքատութեան եւ այլ նեղութիւններու: Սակայն, իր դիմադրողականութեան աղբիւրը կը նշէ, ըսելով. «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զօրացուց զիս» (Հմմտ Փիլ 4.13): Ահա թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանար իր դիմադրողականութիւնը: Զօրութիւնը Քրիստոսէ ստացող մարդը, ամէն տեսակ դժուարութեան կրնայ տոկալ, ըլլայ ատիկա ֆիզիքական՝ մարմնական տկարութիւն կամ հիւանդութիւն, ըլլայ ատիկա կեանքէն ու շրջապատէն եկող դժուարութիւն:
Քրիստոսի պարգեւած զօրութեան ապաւինողը, մարդոց կողմէ պատճառուած նեղութիւնները դիւրութեամբ կրնայ տանիլ, որովհետեւ Քրիստոս ի՛նք, հակառակ Աստուած ըլլալուն, իր ստեղծած մարդոց իրեն ուղղած անարգանքին տոկաց, թուք ու ապտակ ստանալով իր երեսին: Նոյն տոկունութիւնը նաեւ իր զօրութեամբ Ան կը փոխացնէ իրեն հաւատացողներուս, որպէսզի ամէն տեսակի նեղութիւններ կրելու կամքը ու դիմադրողականութիւնը չպակսի մեզի:
Պօղոս առաքեալ իր դիմադրողականութեան աղբիւրը յայտնեց մեզի: Այլապէս դժուար պիտի ըլլար ըմբռնել թէ այդքան տառապած մէկը ինչպէ՞ս կրնար դիմանալ:
Տառապողներ չկա՞ն. վստահաբար շա՜տ է անոնց թիւը: Սակայն դիմադրողականութեան աղբիւրը մէկ է՝ Քրիստոս: Դիմէ՛ Անոր: