ՖՐԵԶՆՕ.- Հայկական ճարտարագիտական խմբակին կազմակերպութեամբ, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած «Bike for Hope» դրամահաւաքի հեծելարշաւը յաջողութեամբ պսակուած է՝ 63 քաղաքներէ ապահովելով 729 մասնակիցներ, ինչ որ նախորդ տարուան մասնակիցներուն թիւին (162) հետ բաղդատած՝ մեծ ոստում մըն էր:
Դրամահաւաքի այս ձեռնարկէն առաջ Լոս Անճելըսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ կատարուած այլ դրամահաւաքներու շնորհիւ, այս տարուան ընթացքին 75,361 տոլար արժող հեծելարշաւի պիտոյքներ ղրկուած էին Երեւանի պատանիներու յատուկ ողիմպիական վարժարանին:
Հայկական ճարտարագիտական խմբակին գործադիր վարիչ Վարուժան Տէր Սիմոնեանը կը յայտնէ, թէ կազմակերպութիւնը այս միջոցաւ կ՛ուզէ զարկ տալ Հայաստանի մէջ հեծելարշաւի նկատմամբ հետաքրքրութեան, յատկապէս՝ պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ ծրագիրին իրականացման մէջ կարեւոր նրդրում ունի նաեւ Պըրպենքի «Վելօ Սթուտիօ» խանութին սեփականատէր Հրաչ Կեւրիքեանը: