ԸՐՎԱՅՆ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Օրենճ քաունթիի Համաշխարհային հարցերու խորհուրդին կազմակերպած ճաշկերոյթին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը, որ պիտի խօսի ազգերու ինքնորշման իրաւունքին մասին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «The Pacific Club»ի մէջ, որուն հասցէն է՝ 4110 MacArthur Boulevard, Newport Beach, California, 92660:
Մուտքը 60 տոլար է՝ խորհուրդի անդամներուն համար, իսկ ոչ անդամներուն համար՝ 75 տոլար: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել worldaffairscouncil.org. համացանցային կայքը: