ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 1994ին, Հայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու միութիւնը (AESA) Հայաստանի մէջ սկսաւ գործադրելու արագ աճող ծառերու ծրագիր մը, որուն շնորհիւ, ցարդ հոն տնկուած են աւելի քան 130,000 ծառեր, որոնք ապագային պիտի դառնան շարք մը ճարտարարուեստներու ատաղցը՝ առաջքը առնելով աւելի երկարամեայ ծառերու հատումին:
Այս նպատակին աջակցիլ փափաքողները կրնան այցելել www.aesa.org/index.php?x=15 համացանցային կայքը, ուր դաշնակահար Անահիտ Ներսէսեանի կատարողութեամբ պատրաստուած է հայկական դասական նուագներու ժողովածու մը, որուն վաճառքէն գոյանալիք գումարը պիտի տրամադրուի վերոյիշեալ նպատակին:
Խաչատրեանէն, Մանսուրեանէն, Պապաճանեանէն, Սարեանէն, Հովունցէն ու Կոմիտասէն կտորներ պարունակող սոյն խտասալիկին գինը 12 տոլար է, առաքումը՝ ներառեալ:
Փափաքողները կրնան նաեւ 12 տոլար ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ AESA/Tree CD, AESA, 417 W. Arden Avenue, Suite 112C, Glendale, CA 91203:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 547-3372 թիւին կամ contact@aesa.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.