
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոյս տեսած է Ալիծ Աղպապեանի նորագոյն հատորը՝ «Մըռ Մըռ Թօթօ եւ Վանայ Հարսիկ»ը, որ պատմութիւնն է իրեն խոստացուած հարսը գտնելու համար Լոս Անճելըսէն Վան ճամբայ ելած կատուին:
Ալիծ Աղպապեանի այս կատուին առկածախնդրական պատմութեան ընդմէջէն կը նեկայացուին պատմական Վանի հեքիաթներն ու խաղերը: Հատորին գծագրութիւնները կատարած է հեղինակին Փարիզ հաստատուած քոյրը՝ Անահիտ Սարգիսեան, որ նմանապէս մանկական գիրքերու հեղինակ է:
24 էջնոց այս գունաւոր հատորին գինը 15 տոլար է: Գիրքը տրամադրելի է շրջանիս հայկական գրախանութներէն կամ www.dziludzar.com կայքէն: