ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոպայի բաժակի խաղարկութեան խմբային մրցաշարի ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 18ին, Հայաստանի պասքեթպոլի կանանց «Հատիս» խումբը երրորդ անգամ ըլլալով պարտութիւն կը կրէ: Նովոսիպիրսքի «Տինամօ-Կուտ»ի հետ պատասխան խաղին ընթացքին, թէեւ երեւանեան ակումբը արժանի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ, սակայն խաղը աւարտեցաւ 99:90 արդիւնքով՝ ի վնաս «Հատիս»ի:
Խմբային փուլի վերջին հանդիպումը «Հատիս»ը պիտի ունենայ Նոյեմբեր 25ին, Իսրայէլի մէջ: Յիշեցնենք, որ Ռամլայի «Էլիտզուր» խումբին հետ Երեւանի մէջ կայացած առաջին խաղին, «Հատիս»ը պարտութիւն կրած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.