ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխատանքային այցով Ռուսիա մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, աւարտելով իր առաքելութիւնը՝ Նոյեմբեր 18ի երեկոյեան վերադարձաւ Երեւան: Այցի վերջին օրը նախագահը Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հայկական համայնքի հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, ու պարգեւներ յանձնեց անոնց:
Ծննդեան 75ամեայ յոբելեանին առիթով, հայ-ռուսական մշակութային կապերու ամրապնդման գործին մէջ իր ներդրած նշանակալի աւանդին եւ արուեստի բնագաւառէն ներս երկարամեայ ու բեղմնաւոր գործունէութեան համար, դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Արմէն æիգարխանեան պարգեւատրուեցաւ Պատուոյ շքանշանով:
Լրագրութեան ոլորտի զարգացման գործին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին եւ մասնագիտական բարձր վարպետութեան համար, «Ռաշա Թուտէյ» հեռատեսիլի ընկերութեան գլխաւոր խմբագիր Մարգարիտա Սիմոնեան պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Իսկ քանդակագործ Միքայէլ Սողոյեանի շնորհուեցաւ վաստակաւոր նկարիչի կոչում:
Նախագահ Սարգսեան ներկաներուն յայտնած է Նոյեմբեր 16ին սկսած իր աշխատանքային այցին արդիւնքները։ Ըստ Սարգսեանի, Ռուսիոյ նախագահին եւ վարչապետին հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցեր:
«Մեր կողմից տրուած բոլոր հարցերը գտել են դրական արձագանգ, եւ ուզում եմ ձեզ հաւաստիացնել, որ հիմա վերադառնում եմ Հայաստան շատ աւելի վստահ՝ վաղուայ օրուան նկատմամբ», ըսած է Հայաստանի նախագահը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.