Պրոնզեան Կը Բեմականացնէ Պետիկեանի «Հարսանիքէն Առաջ» Թատերգութիւնը
27 եւ 28 Նոյեմբեր, 2010ի շաբաթավերջին, Gotta Dance Studio Theatreին մէջ, 18167 Chatsworth St. Granada Hills, CA., Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Ուիլիեմ Սարոյեան» նորակազմ թատերախումբը պիտի ներկայացնէ Գէորգ Պետիկեանի հեղինակած «Հարսանիքէն առաջ» երկու արարնոց թատերգութիւնը:
Այս առթիւ տեսակցութիւն մը ունեցանք հեղինակին եւ բեմադրիչին հետ, որմէ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք էական բաժիններ:
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ինչո՞ւ կանգնեցաք այս թատերգութիւնը բեմականացնելու որոշումին վրայ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- 1997ին լոյս տեսած «Մայթերու Անցորդը» անդրանիկ հատորիս մէջ «Կիրակին, հարսանիքը եւ ուրիշ բաներ» խորագիրը ունեցող, շուրջ տասը էջերէ բաղկացած պատմուածք մը գրած էի: 2003ին, երբ մեծ յաջողութեամբ բեմականացուեցաւ «Փոթորիկ գաւաթ մը ջուրին մէջ» առաջին թատերգութիւնս, անկէ մեծապէս քաջալերուած, առաւել եւ մանաւանդ ընտանիքիս անդամներուն տեւական յորդորներէն դրդուած, յիշեալ պատմուածքը նոր թատերգութեան մը վերածեցի:
Հոս տեղին է յիշել, որ փոքր տարիքէս, շատերու նման ես ալ շատ սիրած եմ թատրոնը: Պատանեկան, դպրոցական տարիներուս, ամէն առիթի Հալէպի մեր հին ակումբին բակի կամ քաղաքի սինեմա-թատերասրահներու բեմերուն վրայ զանազան գլխաւոր կամ փոքր դերեր վերցնելով բեմ բարձարցած եմ: Կը յիշեմ, տակաւին հազիւ 13 տարեկան ինծի մեծ դեր մը վստահուեցաւ՝ «Ինկած բերդի իշխանուհի»ին ու անկէ տարիներ ետք «Նամուս»ին մէջ: Պատանեկան շարքերուն մաս կազմած շրջանիս, բեմադրած եւ դեր վերցուցած եմ «Շողոքորթ»ին մէջ:
Նոյն խանդավառութիւնը պահած եմ Պէյրութ կեցութեանս շրջանին ալ, երբ այդ օրերուն քանի մը պատանիներով հիմը կը դնէինք Համազգային «Աղբալեան» թատերախումբին: Այսպէս հոն ալ բեմադրած եմ «Տուն Փեսայ» եւ «Շողոքորթ» թատերախաղերը: Աւելին, «Ախ Սեդրակ …ախ» թատերգութիւնը կատակերգութեան վերածած եմ եւ դեր վերցուցած անոր ներկայացման մէջ: Այս մէկը յաջորդական 30 անգամներ բեմականացուած է:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեզի համար ի՞նչ է թատրոնը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ինծի համար թատրոնը լաւագոյն այն վայրն է, ուր մարդ անհատը կրնայ գտնել զինք յուզող կարգ մը հարցերուն պատասխանը: Ինծի նման շատերուն համար ան նաեւ հաղորդակցութեան լաւ ձեւ մըն է: Ահա թէ ինչո՞ւ կը կարծեմ, որ թատրոնը նպատակ մը պէտք է ունենայ: Այսպէս, ան հարց մը պէտք է կարենայ պարզել, կամ նոյն այդ հարցին կամ այլ հարցերու լուծում մը գտնել: Աւելին՝ պէտք է ան կեանքի պատկեր մը հրամցնէ եւ կամ ալ պատգամ մը փոխանցէ:
Մարդիկ թատրոն կ՛երթան իրենց կեանքին մէկ տխուր կամ ուրախ բաժնին ներկայացումը բեմի վրայ դիտելու, մերթ չափազանցուած մերթ բնական, այս ներկայացումները պարզ զուարճանքի եւ ժամանցի պահեր չեն, ուր մարդիկ կու գան միայն խնդալու համար: Թատրոնը է եւ կը մնայ իբրեւ արուեստի այն բացառիկ տեսակը, որ միշտ կ՛ապրի ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով ու երազանքներով: Ան մեր կեանքի հայելին ալ է: Իր լայն կամ նեղ, փոքր կամ մեծ տախտակէ բեմին միջոցով անսահման հնարաւորութիւններ ունեցող արուեստ մըն է: Ուստի անհրաժեշտ կը նկատեմ հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ թատրոնի դասաւանդումը կամ նուազագոյնը աշակերտը դէպի թատրոն առաջնորդելու ճիգը, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ան հսկայական դեր կրնայ խաղալ հայապահպանման գործին մէջ:
Ու կրկնելու գնով ըսեմ, որ թատրոնը նախ եւ առաջ կը սկսի ոչ թէ բեմէն, այլ կեանքէն: Սակայն միշտ ինծի համար հարց եղած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է շեշտել արուեստի այս տեսակի կարեւորութիւնը։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Իսկ ո՞վ է թատերագիրը կամ Գէորգ Պետիկեանը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Թատերագիրը այն գրողն է, որ վերեւ յիշուած բոլոր հարցերը, կէտերն ու մտահոգութիւնները ոչ միայն պարզապէս կը հրամցնէ այլ նաեւ անոնց լուծումները կ՛առաջարկէ: Անոր համար ան պէտք է ունենայ որոշ չափով քաջութիւն, կարողութիւն՝ մատնանշելու հասարակութեան մէջ առկայ թէ դրական ունակութիւնները եւ տգեղ սովորութիւնները:
Այլ խօսքով, պէտք է հրամցնէ սփիւռքեան մեր իրականութենէն մասեր կամ բաժիններ՝ ծուռ կամ շիտակ:
Եւ իբրեւ թատերգութիւն գրող, կամ թատերագիր մը- թէեւ այս մէկը մեծ բառ մըն է- կը հաւատամ, որ թատրոնը նախ եւ առաջ լեզու է եւ ներկայացման մեծ մասը կազմուած է խօսքով: Ուրեմն կը շեշտեմ, որ թատերախաղի մը լեզուն պէտք է ըլլայ կենդանի, ապրող եւ շնչող խօսակցական հայերէն, հեռու ծիծաղ շարժող օտար կամ հայերէն բառերէ կամ բացականչութիւններէ: Թատերագիրին գործն է նաեւ համարձակ ցոյց տալ մարդուն, մանաւանդ ժամանակակից մարդուն հոգեկան աշխարհը, անոր յուզող հակասութիւնները, սէրերն ու ատելութիւնները եւ մարդոց մտայնութիւներու բախումները:
Այս բոլորէն մեկնած միշտ զգուշաւոր, բծախնդիր ու կոկիկ կը ներկայացնեմ տողերս եւ կ՛ուզեմ, որ նոյն ձեւով ալ առանց աւելորդաբանութիւններու, բեմէն ալ հարազատօրէն հրամցուի:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Քանի մը տողով կարելի՞ է ներկայացնել «Հարսանիքէն առաջ» ձեր գրած երկու արարնոց թատերախաղը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ.- Ինչպէս յիշեցի, այս կատակերգութիւնը իմ երկրորդ թատերգութիւնս է, որ բեմադրութեան կը յանձնեմ: Գործողութեան վայրը՝ Լոս Անճելըսն է, իսկ ներկայացման հասցէատէրը՝ Սփիւռքը, մեր բոլորին ծանօթ Սփիւռքը, իր մտայնութիւններով եւ մտածելակերպով, իր հարցերով եւ զանոնք լուծելու իր հին ու նոր կերպերով:
Փորձած եմ որոնել եւ գտնել որոշ միջավայրի մը ցաւերն ու երազանքները, թարմ ըսելիքներով, առանց խորհրդաւոր հանգոյցներու, պարզապէս հանդիսատեսը ականատես դարձնելու մեր սովարական առօրեային:
Չեմ ուզեր ասկէ աւելի նիւթը ներկայացնել, որպէսզի առիթ տրուի հանդիսատեսին անձամբ ներկայ գտնուելու եւ վայելելու հայերէն թատերախաղ մը:
Անկեղծօրէն ըսեմ նաեւ, որ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի խնդրանքին ընդառաջելով, երբ անոր տրամադրութեան տակ կը դնէի այս խաղը, առաջին իսկ վայրկեանին թելադրեցի անոր բեմադրութիւնը յանձնել գաղութիս հանրածանօթ բեմադրիչ-դերասան Սեդրակ Պրոնզեանին:
Ինչո՞ւ բեմադրիչ Պրոնզեան, շատեր կրնան հարց տալ. պարզապէս անոր հետ երկար տարիներէ ի վեր անձնական բարեկամութիւն եւ ծանօթութիւն ունեցած եմ:
Բեմական իր կարողութիւններուն մօտէն ծանօթ եմ: Ըսեմ նաեւ, որ Պրոնզեան իր մասնակցութիւնը բերած է ցարդ իմ հրատարակած բոլոր հատորներուս գինեձօներու գեղարուսետական բաժիններուն, պատմուածքներէս մէկը կամ երկուքը հմտութեամբ բեմականացումներով:
Այլ խօսքով, Պրոզնեան քաջածանօթ է լեզուիս, գրելու ոճիս, ըսելու ձեւիս եւ թատերական զանազան մօտեցումներուս:
Այս բոլորին կողքին, որպէսզի հրամցուած թատերգութիւնը դառնայ հասկնալի եւ իրական, ինծի համար նախապայման է, որ թատերագիր, դերասան եւ բեմադրիչ զիրար ամբողջացնեն իբրեւ լեզու, առոգանութիւն, խօսք, շարժում, շունչ եւ յօրինում:
Կը հաւատամ, նաեւ որ հայ թատերգութիւններ հրամցնելը եւ այս պարագային հայ թատերագիրը քաջալերելը, պէտք է ըլլայ մշակութային բոլոր միութիւններու առաքելութեան անբաժան մասը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս պէտք է ճանչնալ բեմադրիչ-դերասան Սեդրակ Պրոնզեանը:
ՍԵԴՐԱԿ ՊՐՈՆԶԵԱՆ.- Թատրոնի մէջ աշխատիլ սկսած եմ ուսանողական տարիներէս։ Ի հարկէ, չեմ կրնար ըսել, թէ մէկ անգամէն մեծ ու գլխաւոր դերեր խաղցած եմ, սակայն փոքր դերեր խաղալու գործընթացն ալ կարճ տեւած է։
Մատրիտի-Սպանիա-Complutense համալսարանէն եւ ապա պետական թատերական բարձրագոյն ուսումնարանէն Real Escuela Superior De Arte Dramatico Y Danza դերասան-բեմադրիչի վկայականները ստանալէս ետք, միշտ հրաւիրուած եմ սպանական ֆիլմերու եւ մանաւանդ պատկերասփիւռի կատակերգական հաղորդաշարերուն մասնակից դառնալու:
Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Վենետիկի թատերական Պիէյնալ փառատօններուն իմ զանազան ելոյթներս եւ ընթերցողը կ՛ունենայ ընդհանուր պատկեր մը Պրոնզեան դերասան-բեմադրիչի մասին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Քեզի համար ի՞նչ է թատրոնը:
ՍԵԴՐԱԿ ՊՐՈՆԶԵԱՆ.- Կը կարծեմ, որ թատրոնը մարդկութեան ամէնէն հին ու մեծ, ամէնէն հանճարեղ գիւտն է: Անիկա իր մէջ կը ներառէ բոլոր միւս արուեստները: Մէյ մը մօտէն հետեւեցէք պիտի տեսնէք, որ թատրոնը շատ սահմանափակ ժամանակի ընթացքին կրնայ շատ բան տալ բեմէն: Թատրոնը նոյնիսկ քանի մը վայրկեանի ընթացքին բեմին վրայ ստեղծուած իրավիճակին ու մթնոլորտին միջոցով կրնայ մեզի փոխանցել այն ինչ որ մենք տարիներով պիտի սորվէինք մեր կեանքին կամ դպրոցին մէջ:
Իմ կարծիքով թատրոնը բան մը փոխելու ուժը ունի իր մէջ:
Ներկայիս կարգ մը բեմերէն ձրի գովասանքէն քաջալերուած շատեր թատրոնը հասցուցած են անորակ իր ներկայ մակարդակին: Անոր համար է, որ ան շատ յաճախ տուժած է:
Ինծի համար թատրոնը է նաեւ երազ եւ յոյզ: Ան ունի մարդոց մտքերուն եւ հոգիներու թափանցելու գաղտնիքը:
Իսկ գալով հայ թատրոնին, իմ կարծիքով, մանաւանդ այս օրերուն, ան հիմնուած պէտք է ըլլայ հայ թատերագիրներու ստեղծագործութեանց վրայ: Այլ խօսքով պէտք է քաջալեր հանդիսանալ դասական կամ ժամանակակից թատերագիրներուն, որոնց աշխատանքներու բեմականացումներով կարելի պիտի ըլլայ զիրենք ուղղել, եւ դէպի յաջողութիւն առաջնորդել:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Պետիկեանի «Հարսանիքէն առաջ» թատերախաղի մասին եւ ինչո՞ւ ստանձնեցիք անոր բեմականացումը:
ՍԵԴՐԱԿ ՊՐՈՆԶԵԱՆ.- Թատերական նոր գործ մը մինչեւ կեանք չստանայ ու չներկայացուի բեմի վրայ, չի դառնար թատերախաղ: Հեղինակ կամ այս պարագային թատերագիր Գէորգ Պետիկեանին երկար ժամանակէ ի վեր ծանօթ եմ: Իր հրատարակած հատորներու միջոցով առաւել ծանօթ եմ իր գրական եւ մանաւանդ թատերական ոճին, ըսելու եւ մտածելու կերպերուն: Ընդհանրապէս ես իմ բեմական գործունէութեանս մէջ միշտ նոր բան փնտռած եմ, որովհետեւ հաւատացած եմ, որ հայ թատրոնը եւ հայ դերասանը չեն կրնար զարգանալ առանց հայ թատերգութեան:
Թատերգութեան մը յաջողութեան համար էական են միջավայրի ճիշդ զգացողութիւնը, նիւթի ճշգրիտ ընտրութիւնը, բեմադրական ժամանակակից կողմնորոշումը, ըսելիքի թարմութիւնը, դերասանական վառ կատարումները: կը կարծեմ, որ այս բոլորով արդէն հանդիսատեսը կամաց-կամաց կը վերադառնայ թատրոն ու պաշտելու աստիճան կը կապուի անոր:
Ինծի համար էական եւ կարեւոր է, թէ հեղինակը ինչպէս կ՛ըմբռնէ կեանքը եւ հասարակութիւնը, համապատասխանաբար ես կը փորձեմ ստեղծել պատշաճ մթնոլորտ:
Չեմ ուզեր անդրադառնալ թատերախաղի նիւթին, միայն կ՛ուզեմ շեշտել, որ հեղինակ Պետիկեան լուսարձակի տակ բերած է մեր կենցաղէն պատառիկներ: Ինքնադիտման կամ աւելի ճիշդ ինքնահեգնանքի շեշտերու ամբողջութիւն մըն է այս թատերախաղը՝ ժամանակի պատշաճ կենսաձեւով, ուր կը ներկայացուի մեր մտածելակերպն ու նկարագրային տկար կէտերը:
Իմ կարծիքով Պետիկեան իր այս գործով յաջողած է իր նպատակին մէջ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ներկայացուցէք նորակազմ «Ուիլեըմ Սարոյեան» թատերախումբը:
ՍԵԴՐԱԿ ՊՐՈՆԶԵԱՆ.- Համազգայինի ընտանիքէն ներս իմ բեմադրական գործունէութիւնս այս թատերախումբով չէ, որ սկսած է: Տարիներ առաջ արդէն ստեղծուած էր այն կապը, որուն շնորհիւ սոյն միութեան մասնաճիւղերը ինծի վստահած էին ներկայացումներու բեմադրութիւնները:
Նորակազմ այս թատերախումբի անդամները մեծամասնութեամբ առաջին անգամ ըլլալով է, որ բեմ կը բարձրանան: Սիրողական բնոյթ կրող այս որդեգրումը նորութիււն մը չէ մեր թատերախումբերուն մէջ: Խումբի անդամները հայ մշակոյթին անսակարկ սպասարկուներու դասին կը պատկանին, որոնք ամենայն ճշդապահութեամբ, յամառ աշխատանքով եւ կորովով երիտասարդ-երիտասարդուհիներ են: Անոնք կրնան մօտ ապագային նոյնիսկ նոր հորիզոններ նուաճել թատրոնի աշխարհին մէջ:
Մաղթանքս է, որ այս նոր շարժումը ըլլայ յարատեւ: Միւս կողմէ եւ ամէն առիթներով կրկնած եմ, որ նման ծրագիրներու իրագործումը կարելի չըլլար՝ եթէ չկան թատերասէրներ: Անոր համար բոլոր թատերասէրներուն ներկայութիւնը ջերմապէս միշտ ողջունելի է:
Միութիւններու անդամներուն, վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ անշուշտ հայ ծնողներու ուսերուն վրայ դրուած են հայ թատրոնին, թատերգութեան եւ հայ թատերագիրին քաջալեր հանդիսանալու սրբազան պարտականութիւնները: