ԿԻՊՐՈՍ, «Նիուզ».- Կիպրոսի մայրաքաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մասնակցած Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Խրիսթոֆիաս, յանցնած է հայերուն ուղղուած գրաւոր հաղորդագրութիւն մը, զոր ընթերցած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Խրիսթոս Խրիսթոֆիտիս:
Ըստ Յունական «Ֆիլելեֆթերոս» թերթին, Կիպրոսի նախագահը քննադատած է Թուրքիան, եւ իր ուղերձին մէջ նշած, թէ իրենք միշտ հայերու կողքին են. «Մենք 1982ին ճանչցանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դարձանք զայն ճանչցած առաջին եւրոպական պետութիւնը», ըսած է Կիպրոսի նախագահը իր ուղերձին մէջ:
Պատարագէն ետք ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանը՝ կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կարոյեան պնդած է, թէ Թուրքիան պէտք է պատժուի իր գործած յանցանքներուն համար, եւ շեշտած, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ ջանքերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ, բոլորովին վստահելի չեն, քանի որ անոնք կը հետապնդեն յետին նպատակներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.