ՀՕՄի 100ամեակի Հայաստանի մէջ կայացած հանդիսութիւններէն ետք, Հոկտեմբեր 16ին դադար առնելէ ետք, Հոկտեմբեր 17ին աւելի քան 150 ՀՕՄականներ, երեք խումբերով մեկնեցան Արցախ։ Առաջին խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ստեփանակերտ, մինչ մնացեալ երկու խումբերը ԼՂՀ մայրաքաղաք հասան զանազան տեսարժան վայրեր այցելելէ ետք։
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՐՏԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ
Կէսօրէ ետք Ստեփանակերտ հասած ՀՕՄականներու պաշտօնական խումբին անմիջապէս միացան տեղի ընկերուհիները եւ ոստիկանական պաշտօնական ուղեկցութեամբ, հանրաշարժը ուղղուեցաւ դէպի Մարտակերտ։
Քաղաքի մուտքին ՀՕՄի պատուիրակութեան կը սպասէին հայկական աւանդական աղ ու հացով։ Այնտեղ էին Մարտակերտի աշխատակազմի ղեկավար Սերգէյ Օհանեանը եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք ընկերացան ՀՕՄի պատուիրակութեան՝ այցելելու Հայրենական պատերազմի զոհերու յուշակոթող, այնտեղէն՝ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու յուշարձան։ Յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելէ ետք, ՀՕՄականները շրջեցան յուշակոթողի կողքին գտնուող մարտակերտցի զոհուած ազատամարտիկներու թանգարանը։ Ապա Մարտակերտի կառավարական շէնքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում տեղի ղեկավարութեան ու ՀՕՄի պատուիրակութեան անդամներուն միջեւ, որուն ընթացքին տեղի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ Մարտակերտի կարիքներուն իսկ ՀՕՄի զանազան շրջաններու ներկայացուցիչներ անդրադարձան միութենական աշխատանքներուն։
Հանդիպման աւարտին կարճ ելոյթ ունեցան մարտակերտցի աշակերտներ, ուրախ մթնոլորտի մէջ ճամբելով ՀՕՄականները, որոնք Ստեփանակերտ հասնելէ առաջ կարճ այցելութիւն մը տուին պատմական Տիգրանակերտի փլատակներուն վրայ կառուցուած եւ նոյն քաղաքին վերաբերող թանգարանին։
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
18 Հոկտեմբերի առաւօտեան ՀՕՄականները հաւաքուեցան Ստեփանակերտի Եղբայրական գերեզմանատան կողքին գտնուող Հայրենական պատերազմի զոհերու յուշակոթողին դիմաց։ Այնտեղ էր նաեւ ԼՂՀ Կրթութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանը, որ միացաւ ՀՕՄականներուն, յարգանքի տուրք մատուցանելու Արցախեան Ազատամարտի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի անդրանիկ նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին։ Յուշակոթողներուն վրայ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ու Արցախի վարչութեան կողմէ, ու մեխակներ՝ ամէն մէկ մասնակիցի ձեռամբ։
Ապա ՀՕՄականներու խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի Աշոտ Ղուլեանի յուշարձանը։ Այնտեղ եւս ծաղկեպսակներով ու մեխակներով յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Շուշիի ազատագրման մէջ կարեւորագոյն դեր վերցուցած ազատամարտիկի յիշատակին։
Այս արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արթուր Մկրտչեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի այրիները՝ Գոհար Մկրտ-չեանն ու Նելլի Ղուլեանը, որոնք երկուքն ալ մաս կը կազմեն ՀՕՄի Արցախի միաւորին։
ԼՂՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ
ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄՕՏ
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրուան կէսօրին, ՀՕՄը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ ՀՕՄի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ մէկական ներկայացուցիչ՝ ՀՕՄի այն միաւորներէն, որոնք ներկայ էին Արցախի մէջ միութեան 100ամեակի տօնակատարութեան։ ՀՕՄի պատուիրակութեան կ՛ընկերանար Արցախի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը։
Բարձր գնահատելէ ետք ՀՕՄի աշխատանքն ու նպաստը Արցախին, նախագահը ծանրացաւ ապագային վրայ ու ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ Արցախի մէջ ստանձնել ո՛չ թէ օժանդակութիւն տրամադրող ծրագիրներ այլ զարգացման միտող ներդրումներ կատարել՝ ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ ծրագրային իմաստով։ Ան բոլորը հրաւիրեց յաջորդին իրենց զաւակներով գալ Արցախ, աւելին՝ ան փափաք յայտնեց, որ ՀՕՄը ճիգ թափէ արտերկրէն պատանիներ ամառնային ճամբարի համար Արցախ ուղարկելու, քանի այդ այցելութիւններն են որ հայ պատանիները արցախեան հողին կապուած պիտի պահեն յառաջիկայ տասնամեակներուն։
Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ ջրամատակարարման խնդիրին, որ հիմնական է մարդկային որեւէ ընկերութեան զարգացման համար։ Նշելէ ետք որ պետութիւնը մշակած է արդէն Արցախի մէջ ըմպելի ջուրի մատակարարման ցանցի վերանորոգման ու ընդարձակման ծրագիրը, ան ՀՕՄը հրաւիրեց այս ծրագրին մէջ դեր վերցնելու, նշելով որ այս տարուան Համահայկական հիմնադրամի թելեթոնը նոյն նպատակին պիտի ուղղէ իր հասոյթը։
Նախագահը ուշադրութեամբ լսեց ՀՕՄականներու արտայայտութիւնները, որոնք հաստատեցին թէ միութիւնը ձեռնարկած է արդէն զարգացման միտող ծրագիրներու ու այդ նպատակով միջազգային պետական կառոյցներու թէ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւններու ուսումնասիրութեան։ Աւարտին, նախագահը հաստատեց, որ կրկին կը հանդիպի բոլորին հետ նոյն օրուան երեկոյեան տեղի ունենալիք հանդիսութեան ընթացքին։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼՂՀ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ
ՀՕՄականներու երկրորդ խումբ մը հանդիպեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ, որ ՀՕՄի մասին դրական խօսքերէ ետք կեդրոնացաւ կրթական ծրագիրներու զարգացման անհրաժեշտութեան ու համալսարանական ուսանողներու մօտ ազգային գիտակցութեան բարձրացման վրայ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ գիւղերու մէջ կենցաղային պայմաններու դժուարութեան եւ ըմպելի ջուրի մատակարարման անհրաժեշտութեան վրայ, վստահութիւն յայտնելով, որ այս ծրագիրներու ուղղութեամբ Արցախի իշխանութիւններու գործակցութիւնը ՀՕՄի հետ պիտի շարունակուի անխափան։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ԼՂՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Արցախ այցելող ՀՕՄականներու երրորդ խումբ մը հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ։ Վարչապետը բարձր գնահատեց ՀՕՄի ներդրումը Արցախի մէջ թէ՛ պատերազմի օրերուն, թէ՛ անկէ ետք, երկրի վերակառուցման հանգրուանին։ Ապա ան անդրադարձաւ Արցախի կարիքներուն կրթական, առողջապահական, տնտեսական, ընկերային ու ենթակառոյցներու զարգացման մակարդակներուն վրայ, լայն բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւրի մասին եւ յորդորելով ՀՕՄը, որ հեռանկարային ծրագիրներու գործադրման մէջ իր ներդրումը ունենայ։ Խօսակցութեան ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով վարչապետը անդրադարձաւ Արցախի ժողովրդագրական պատկերին հաստատելով, որ արտագաղթի թափը մեծապէս նուազած է, որուն դիմաց որոշ աճ արձանագրած են դէպի Արցախ ներգաղթն ու ծնունդները։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
18 Հոկտեմբեր, 2010ի երեկոյեան, Ստեփանակերտի Երիտասարդական պալատի մուտքին, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը դիմաւորեց ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանն ու առաջին տիկինը, որոնք Արցախի վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին ու բազմաթիւ նախարարներու եւ պետական այրերու հետ միասին եկած էին մասնակցելու ՀՕՄի 100ամեակի հանդիսութեան։
ՀՕՄի Արցախի միաւորին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի բացումը կատարեց «Մռակած» պետական կամերային երգչախումբը, կատարելով ԼՂՀ Օրհներգն ու ՀՕՄի քայլերգը։ Պաշտօնական խօսքերու բաժինով խօսք առին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազան Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Էմանուէլ Քահանայ Վարդանեանը, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը, ՀՕՄի Արցախի մեկուսի վարչութեան ատենապետուհի Պելլա Յարութիւնեանը, ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը ինչպէս նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, որ իր ելոյթի սկզբնաւորութեան ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը պատուեց ԼՂՀ «Վաչական Բարեպաշտ» շքանշանով, իսկ ՀՕՄի Արցախի վարչութիւնը՝ «Երախտագիտութիւն» մետալով։
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Արցախի Երգի ու պարի պետական համոյթը, Մանկական ստեղծագործական կեդրոնը, «Արփի» պետական մանկապատանեկան համոյթը, հանրածանօթ արուեստագէտներ Պարոյր Ներսիսեանը, Ալեքսանդր Աւագեանն ու Տաթեւիկ Ասլանեանը, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու սաները։ Ցուցադրուեցաւ ՀՕՄի գործունէութեան մասին ժապաւէն մը, որ վաւերագրական տուեալներու կողքին կը պարունակէր ՀՕՄի 100ամեակին առիթով միութեան աւելի քան տասնեակ մը շրջաններէ ստացուած շնորհաւորական պատգամներ։
Այս հանդիսութեան ընթացքին եթէ յուզիչ էր ՀՕՄի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու շրջանաւարտ ու ներկայ սաներու միացեալ պարը, ապա գօտեպնդիչ էր Էմանուէլ քահանայ Վարդանեանի այն խօսքը, որ եթէ երեսուն տարի առաջ մէկը ըսէր, թէ ՀՕՄի 100ամեակը պիտի նշուի Ազատ ու Անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, ոչ ոք չէր հաւատար։ Սակայն հրաշքը պատահած է ու պէտք չէ հաւատքը կորսնցնել, որ շուտով Էրզրումի մէջ եւս կրնանք հանդիպիլ ՀՕՄի գրասենեակին։
Սոյն հանդիսութեան աւարտէն ետք, մասնակիցներու մեծամասնութիւնը՝ պաշտօնական հիւրեր, աւելի քան տասնեակ մը երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Արցախէն ՀՕՄականներ ու համակիրներ ուղղուեցան մօտակայ ճաշարանը, ուր տեղի ունեցաւ ՀՕՄի 100ամեակի ձեռնարկներու շարքին վերջինը։ Աւելի քան 250 հոգի ուրախ մթնոլորտի մէջ վայելեցին Արցախի ո՛չ միայն արհեստավարժ այլեւ արցախահայ պատանի արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու սաներու երգն ու պարը։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ ՀՕՄի 100ամեակի կարկանդակի հատումը, մասնակցութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ Արցախի վարչութեան ընկերուհիներուն։ Խրախճանքի ընթացքին ՀՕՄի Արցախի վարչութեան կատարուեցան շարք մը նուիրատուութիւններ։
ՀՕՄի 100ամեակի ձեռնարկներու այս շարքի եզրափակումէն ետք կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը յայտնեց. «Անցնող տասնօրեակը, զոր սկսանք Տէր Զօրէն եւ աւարտեցինք Արցախի մէջ, իր խճողուած ժամանակացոյցով կրնար յոգնեցուցիչ թուալ շատերուն։ Սակայն ՀՕՄականներուն համար անիկա եղաւ ամբողջական շրջագայութիւն մը մեր պատմութեան էջերուն եւ՝ մեր կամքի, կորովի եւ աշխատանքի պատրաստակամութեան վերանորոգութիւն մը։ Մենք սկսանք Տէր Զօրէն, ուր տակաւին 95 տարի առաջ մեր ժողովուրդի գոյութեան վերջ կը փորձուէր տալ, հասնելու համար Ազատ ու Անկախ Հայաստան, որ հակառակ բոլո՛ր դժուարութիւններուն, այսօր կայացած պետութիւն է եւ ամբողջ հայութեան հայրենիքը, այնտեղէն անցնելու համար Արցախ, որ հայութեան յաղթանակներու փարոսն է ու Միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանը։ Մեր բոլոր կայաններուն մենք տօնեցինք ո՛չ միայն ՀՕՄի այլ հայ կնոջ մէկդարեայ իրագործումներն ու ներդրումը ա՛յն պայքարին մէջ, որ մեր ժողովուրդը Ցեղասպանութեան զոհէն հասցուց յաղթական պետականութեան տէր ժողովուրդի վիճակին»։
Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Մարօ Ֆրունճեանը աւելցուց. «Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութեան խօսք արձանագրել ՀՕՄի Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներուն, առանց որոնց ամբողջական մասնակցութեան մեր հանդիսութիւնները չէին կրնար այս բացառիկ յաջողութիւնը արձանագրել։ Իսկ հիմա, որ տօնակատարութիւնները աւարտած են, ժամանակն է վերադառնալու աշխատանքի եւ մեր միութեան ու մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած մարտահրաւէրներու դիմակայումին»։